Ընթերցողին ներկայացուած է «Դրօշակի» ընթացիկ տարուան 12-րդ թիւը։ 2022_ի աւարտական թիւի առաջնորդողը գնահատական է անցնող տարուան ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններու գործունէութեան, հիմնականին որուն հետևանքն է Հայաստանի ու Արցախի ներկայ կացութիւնն է։ Իշխանութիւններու գործունէութեան էութեան նուիրուած նաեւ դիւանագէտ, վերլուծաբան Վարդան Յակոբեանի յօդուածը։

Քաղաքականագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան տուեալ իրողութիւններուն կ’անդրադառնայ դիւանագիտական վերջին գործընթացներու վերլուծութեան։ Գրականագէտ Մարգարիտա Խաչատրեան Հայաստանի եւ Սփիւռքի ազգային կեանքի իրողութիւնները կը քննէ ներհասարակական-բարոյական փոխյարաբերութիւններու լոյսին տակ։

Պետութեան համար պատմական պահուն հասարակական կրաւորական մթնոլորտի, ազգային թուլացած դիմադրողականութեան պատճառը կը համարէ դարեր շարունակ եւ յատկապէս վերջին մօտաւոր 140 տարիներու ընթացքին ժողովուրդի ազնուականական շերտի հետեւողական ոչնչացումը։

ՀՅԴ պաշտօնաթերթի դեկտեմբերեան թիւի «Տարածաշրջանային» ու «Աշխարհաքաղաքական» խորագիրներու տակ ներկայացուած են Հայաստան-Արցախի շուրջ կամ անոնց ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով առնչուող իրադարձութիւններուն։

Հայաստանի պատմութեան թանգարանի նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժինի վարիչ Սեդա Գալստեանի յօդուածին մէջ ներկայացուած են քիչ յայտնի եւ նոր փաստեր Պուլկարիոյ ազգային հերոս Գարեգին Նժդեհի կեանքին ու գործունէութեան մասին։

Ճարտարապետ, գրող և հրապարակագիր, «Հորիզոն»-ի ու «Հորիզոն Գրական»-ի աւագ խմբագիր Վրէժ-Արմէն «Ընկերական Զրոյցներու» շարքին այս անգամ քննարկումի սեղան կը բերէ չարչրկուած այն հարցը թէ կարելի՞ է արդեօք կառավարել սփիւռքը, ինչ մարմին եւ ինչպէս կրնայ կառավարել։

«Դրօշակի» տարեվերջեան թիւը նիւթերու առումով բազմազան է ու հետաքրքրական։ Համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէիով:

«Դրօշակ» թիւ 12, 2022թ