ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 16 Դեկտեմբերին այցելած է Թեհրան, ուր մասնակցած է ՀՅԴ 132_ամեակի տօնակատարութեան եւ ունեցած է շարք մը հանդիպումներ։

1) Այցելութիւն՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդին

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատասխանատուներէն տեղեկացուցած են, որ Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր Թեհրան կատարած այցելութեան ընթացքին այցելած է ՀԲԸՄ կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուած է միութեան վարչութեան նախագահին եւ միւս պատասխանատուներուն կողմէն:

Բիւրոյի ներկայացուցչի այցելութիւնը կատարուած է «ԱԼԻՔ» հաստատութեան ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Վարչութիւնը տեղեկացուցած է, որ այցելութեան ընթացքին հիւրերը մտերմիկ զրոյց ունեցած են միութեան վարչութեան հետ, ուր վարչութեան փոխատենապետ՝ Վահէ Միրզապէկեան համառօտ ներկայացուցած է միութեան եւ անոր հովանիին տակ աշխատող «Ն. Կիւլպէնկեան» եւ «Մարի Մանուկեան» դպրոցներու աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ:

Աղբիւրը աւելցուցած է, որ հիւրերը հանդիպած են Սկաուտական կազմին հետ եւ այցելած են «Ն. Կիւլպէնկեան» եւ «Մարի Մանուկեան» դպրոցներ: Նաեւ այցելած են «Մ. Մանուկեան» դպրոցի Նոր տարուան առիթով կազմակերպուած տօնավաճառին:

Նոյն օրը, Բիւրոյի ներկայացուցիչը Իրանի Իսլ. խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւորին ընկերակցութեամբ հանդիպած է Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդին եւ համայնքի առաջնորդարանի պատասխանատուներուն:

Տ. Սարգիս եպս. Դաւիթեան հիւրերուն ներկայացուցած է կաթողիկէ համայնքի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ պատկան առաջնորդարանի աշխատանքներու մասին տեղեկութիւն:

2) Ժողովրդական հանդիպում՝ Հայաստանի եւ Արցախի Վերջին Իրադարձութիւններուն Նիւթով

Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 17 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան սրահին մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն առնչուող ժողովրդային հանդիպում տեղի ունեցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր բանախօսական ելոյթով ըսած է. «Մեր առաջին ընելիքը աշխարհով մէկ ազգային գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած ուժերու համախմբումն է, որպէսզի կարենանք ամրօրէն կառչած մնալ մեր իտէալներուն, ամրօրէն շարունակել մեր պայքարը մինչեւ յաղթանակի կերտում»:

Ան իր խօսքին մէկ այլ բաժինին մէջ անդրադառնալով հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած հիմնական երեք մարտահրաւէրներուն՝ Արցախեան պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութեան տակ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ բնակացութիւններուն ու Ազգային միասնականութեան վերականգնումին, շեշտած է զանոնք դիմագրաւելու համար աշխատանքային ընդարձակ դաշտի կարեւորութիւնը:

3) Այցելութիւն՝ ՀՄՄ «Նայիրի» եւ ՀՄ «Սիփան» Միութիւններ

Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ «ԱԼԻՔ» հաստատութեան ներկայացուցիչին, այցելելով Զէյթուն եւ Սասուն քաղաքամասերու մէջ գործող Հ Մ Մ «Նայիրի» եւ Հ Մ «Սիփան» միութիւններ, ծանօթացած է միութիւններու աշխատանքներուն եւ գործող բաժանմունքներու գործունէութեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցչին աւանդական աղ ու հացով են դիմաւորած են Սկաուտական բաժանմունքի կրտսեր անդամները, պատկան միութիւններու վարչականներու եւ բաժիններու ղեկավարութեան հետ միասին:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շրջայց կատարելով միութիւններու տարբեր բաժիններ, հետաքրքրուած է անոնց աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ հայաբնակ երկու քաղաքամասերու պատմութեամբ եւ իրավիճակով:

Մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին ներկաները զրուցած են Հայաստանի ներկայ իրավիճակին առնչուող մտահոգութիւններու շուրջ:

Նշելի է, որ Հ Մ Մ «Նայիրի» Միութեան այցելութեան ներկայ եղած է նաեւ Իսլ. խորհրդարանի Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահուերտեան: