ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անձագանգած է 20 Դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին Ատրպէյճանի կողմէն Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհին՝ Լաչինի միջանցքի փակման շուրջ քննարկումին:

«ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին քննարկումը յստակօրէն կը վկայէ Ատրպէյճանի կողմէն արգելափակուած Լաչինի միջանցքին անյապաղ եւ անվերապահ բացման միջազգային ուժեղ համաձայնութեան մասին։ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ անվտանգ եւ ապահով կապը պէտք է վերականգնի», յայտարարած է Միրզոյեան:

Ան այս մասին գրած է թուիթըրեան միկրոպլոկին վրայ՝ աւելցնելով, որ Հայաստան կը գնահատէ ՄԱԿ-ի Ազգային Խորհուրդի անդամներուն արդար եւ սկզբունքային դիրքորոշումը: