21 Դեկտեմբեր 2022_ին, Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած երդման արարողութեան ընթացքին, ՀՅԴ «Նիկող Աղբալեան» ուսանողական միութեան շարքերը համալրած են նոր ուսանողներ:

«21 Դեկտեմբերը առանձնայատուկ էր խումբ մը երիտասարդներու համար: «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի երաշխաւորութեամբ անոնք հայրենիքը կեանքի գնով պաշտպանելու դաշնակցական երդում տուին ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ լաւագոյն անդամներէն ազատամարտիկ Արամ Պողօսեանի շիրիմին դիմաց՝ անդամագրուելով ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան։ Բարի գալուստ մեր մեծ ընտանիք, սիրելի՜ ընկերներ», յայտնած է ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան պաշտօնական էջը: