Ճեզիրէ շրջանին իր տուած հովուական այցելութեան ընթացքին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2022-ին, այցելեց Գամիշլիի Ս. Յակոբ նորակառոյց եկեղեցի, ուր մօտէն հետեւեցաւ ընթացք առած շինարարական աշխատանքին, որ երկար տարիներ դադրած էր պատերազմին պատճառով:
Ներկայիս, եկեղեցւոյ գետնայարկի շինարարական աշխատանքները կ’ընթանան, ապա պիտի շարունակուի եկեղեցւոյ շինարարութիւնը:
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, ազգայիններ եւ շինարարական յանձնախումբի ատենապետ երկրչփ. Փերի Պետրոսեան։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, կոչ ուղղեց Ճեզիրէի, Գամիշլիի եւ ողջ հայութեան, մանաւանդ Բերիոյ Հայոց Թեմի զաւակներուն, որպէսզի իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը բերեն Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շինարարական գործի ամբողջացման:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, ազգին, ժողովուրդին եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին տունն է, որուն արգանդէն ծնելով հոն կը գտնենք մեր ինքնութիւնը եւ մեր նկարագիրը։ «Եկեղեցւոյ մէջ է որ կը պահպանուին մեր հոգեւոր, կրօնական եւ ազգային արժէքները», հաստատեց Սրբազան Հայրը:
Մակար Սրբազան նշեց, թէ Բերիոյ Հայոց Թեմի զաւակներուն պարտականութիւնն է եկեղեցւոյ կառուցման ներդրում բերել, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ, գօտեպնդէ, յոյսով լեցնէ, զօրացնէ, ուրախութիւն պատճառէ, ներշնչէ եւ քաջալերէ ժողովուրդը այս աստուածահաճոյ աշխատանքի իրականացման եւ ամբողջացման համար: