Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 28 Դեկտեմբերին երկրի դատական համակարգին մէջ նոր նշանակումներ կատարելու մասին շարք մը հրամանագիրեր ստորագրած է։

Ստորագրուած փաստաթուղթերուն մէջ է նաեւ Շուշիի շրջանային դատարանի նախագահի նշանակումի մասին հրամանագիրը։

Ալիեւի հրամանագիրով 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Շուշիի մէջ դատարանի նախագահ նշանակուած է Սարտար Մեհրալիեւ։ Մինչ օրս ան Պաքուի Խաթայիի շրջանային դատարանի դատաւորներէն մէկն էր։