Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը նախապատրաստող արտաքին գործոց նախարարներու, ապա պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով հանդիպումները զարգացնելու տրամադրութիւններ երեւելի կը դառնան:
Հանդիպումներու այս մակարդակը եւ միջնորդները կը յուշեն, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը իր ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ ե՛ւ երկու երկիրներու ազգային անվտանգութեան, ե՛ւ տնտեսութեան վերականգնումին, ե՛ւ տարածաշրջանի երկիրներուն վրայ:
Սուրիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը պայմանաւորէ 3 հիմնական հարցերով՝ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պատերազմի շարունակութիւն, թրքական բանակին սուրիական տարածքներէն դուրս բերում եւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին լուծում:
Թուրքիա, իր կարգին, յարաբերութիւններու կարգաւորումով կը նախատեսէ իր ազգային անվտանգութիւնը ամրապնդել՝ Սուրիոյ հետ իր սահմանը ապահով գօտի դարձնելով, երկրի տնտեսութիւնը բարելաւել, յատկապէս նկատի ունենալով որ Սուրիան, աշխարհագրական իր դիրքին բերումով թրքական արտադրութիւններու դէպի Ծոցի երկիրներ միակ անցքը կրնայ դառնալ, Իրանի վրայ ԱՄՆ-ի ճնշումներուն պատճառով իրանեան տարբերակը բացառելով: Սուրիացի տեղահանուածներու հարցին լուծումը եւս ե՛ւ ներքին քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական ոլորտներու բարելաւման կրնան նպաստել : Այս բոլորը բնականաբար կը բարձրացնեն Թուրքիոյ ներկայ նախագահին վերընտրութիւնը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն:
Տասնամեակէ մը աւելի տեւող Սուրիոյ պատերազմին Թուրքիոյ միջամուխ ըլլալը բնականաբար կը նուազեցնէ Թուրքիոյ վստահելիութեան վարկածը սուրիական կողմին համար, սակայն, միջնորդներու շահերը նկատի ունենալով յստակ կը դառնայ, որ Թուրքիա այլ ելք չունի, բացի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուելէ, որովհետեւ քրտական գործօնն ու ահաբեկչական հաւատադրժողական խմբաւորումներու ներթափանցումները Թուրքիա աստիճանաբար աւելի փխրուն կը դարձնեն Թուրքիոյ ազգային անվտանգութիւնը:
Միւս կողմէ, Թուրքիա քաջատեղեակ է որ զինեալ յարձակումներով չի կրնար զսպել քրտական ներկայութիւնը, որովհետեւ դէմ յանդիման կը կանգնի ԱՄՆ-ի հետ զինեալ բախումներու:
Հակառակ տեղի ունեցած ու ակնկալուող հանդիպումներու դրական արձագանգին երկու երկիրներու կողմէ, Դամասկոս կը հաստատէ որ թրքական կողմէն կ’ակնկալէ գործնական քայլեր, որովհետեւ կարգաւորումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն վրայ:
Յարաբերութիւններու այս դաշտին մէջ ռուս-թրքական եւ իրանեան ազդեցութիւնը ակնառու է:
Թուրքիա, տարբեր երկիրներու հետ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ, կը թեքի բանակցութիւններու եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, նոյնը կը փորձէ իրականացնել Հայաստանի հետ, սակայն, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ականուած նախապայմանը յառաջ տանելով: Հարաւային Կովկասի մէջ եւս կը բանի ռուս-թրքական եւ իրանեան ազդեցութիւնը:
Հետեւաբար ինչպէս Սուրիան կ’ուզէ իր ազգային իրաւունքները պաշտպանուած տեսնել յարաբերութիւններու կարգաւորման հասնելու ճամբուն, այնպէս ալ Հայաստան իր ազգային իրաւունքներուն տէր կանգնելու դիրքերէն պէտք է բանակցի թրքական թէ ատրպէյճանական կողմերուն հետ:
Պատերազմները կը հիւծեն երկիրները, որքան ալ յաղթող ու պարտուող կողմեր ըլլան: Թուրքիան սուրիական պատերազմի ազդեցութենէն զերծ չմնաց՝ իր ազգային անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ ներքին հարցերու սրման իմաստով, ահա թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ նկատելի կը դառնան փոփոխութիւններ, ճակատումներէ խուսափումներ:
Պէտք է յստակօրէն դիտարկել թէ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն ո՞ր երկիրները կրնան օգտուիլ եւ վստահութեան ինչպիսի՞ երաշխիք կրնան տալ արդիւնաւորելու բանակցութիւններու որեւէ փուլ: