Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի փակումը թուրք-ատրպէյճանական համադրուած քայլերու արդիւնք է:
Թուրք-ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական ճնշումը կը շարունակուի մէկ կողմէ Արցախի վրայ՝ արցախահայութիւնը շրջափակելու, անոր գոյութեան սպառնալու ու Արցախը ստիպողաբար Ատրպէյճանի կազմին մէջ պահելու, միւս կողմէ Հայաստանի վրայ՝ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ օդային թէ ցամաքային սահմանը բանալով Արցախի նկատմամբ Հայաստանի քայլերը զսպելու:
Այլ առումով, Թուրքիա կը փորձէ ճանապարհներու ապաշրջափակման տեսակէտը առաջ մղելով ռուսական կողմին եւս առաւելութիւններ հրամցնել, արեւմուտքի Ռուսիոյ տնտեսական շրջափակման արդիւնքը Պաքու-Հայաստան-Թուրքիա ապաշրջափակուած ճանապարհներու այլընտրանքով մեղմացնելու՝ ռուսական ապրանքներուն դիմաց այս ճանապարհները բաց համարելու:
Հեռու չէ, որ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի վերաբացման դիմաց Ատրպէյճան  պահանջէ Զանգեզուրի միջանցքին տրամադրումը:
Հայաստանի յարաբերութիւններու պահպանումը ոչ միայն արեւմուտքի, այլեւ տարածաշրջանի ուժային կեդրոններու հետ, կարեւոր է, զարգացնելու իր պաշտպանողական համակարգը եւ զսպելու թուրք-ատրպէյճանական յարձակողական նկրտումները, որոնք որեւէ պատրուակով կրնան պատերազմի հրահրման դուռ բանալ ու Հայաստանի տարածքային ամբողջկանութեան սպառնալ:
Թուրքիոյ լարախաղաց քաղաքականութիւնը նորութիւն չէ: Միջին Արեւելքի մէջ ան բարիդրացիական ու առեւտրական մերձեցումներ օգտագործելով պատերազմ հրահրեց ու բռնագրաւեց սուրիական հողեր՝ իր այս քայլերով ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական շահերու զուգահեռներ գծելով ե՛ւ Ռուսիոյ, ե՛ւ Արեւմուտքի հետ:
Նոյնը կը փորձէ ընել այսօր Հարաւային Կովկասի մէջ:
Ուստի Հայաստան արեւելումներու կտրուկ փոփոխութիւններէ հարկ է որ զգուշանայ, որովհետեւ արեւմտեան երկիրներու հեռահար ծրագիրներուն մէջ գործուն դերակատարութիւն ունին ե՛ւ Թուրքիան՝ որպէս Ռուսիան եւ Իրանը փոխարինող ուժ աստիճանաբար դրսեւորուիլ փորձելով տարածաշրջանին մէջ, թէ՛ Ատրպէյճանը՝ իր քարիւղի հանքերուն շահով կաշառելով արեւմուտքը: