Ահաւասիկ դարձեալ կը պատրաստուինք տօնելու Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը եւ Ամանորը։ Աշխարհ, կրկին վկան կը դառ նայ տօնական մթնոլորտի առթած հրճուանքին եւ ուրախութեան։ Իսկ, մենք, կը միանանք հրեշտակներու եւ երկնային զօրքերու միաբերան երգած «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն եւ մարդոց մէջ հաճութիւն» (Ղուկ. 2.14) հիաս քանչ օրհներ գութեան։
Երկնի եւ երկրի արարիչը միջամտեց պատ մութեան։ Յաւիտենական Աստուած, որ նոյ նինքն տէրն է ժամանակին, մտաւ ժամանա կի սահմաններուն մէջ եւ այնտեղ Աստուծոյ նպատակը բացայայտուեցաւ, որն էր կատարեալ յարաբերութիւն մշակել մարդուն հետ։ Այս բարի կամեցողութեան լաւագոյն ապացոյցն է Տէր Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութիւնը։ «Մանուկ մը ծնաւ մեզի համար. որդի մը տրուեցաւ մեզի» (Ես. 9.6)։
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան այս օրհնեալ շրջանին մէջ Ս. Ծնունդին կը հրա ւիրո ւինք, հո գեւոր եւ ըն կե րային շքեղ հան դէսներու մէջէն Աստուծոյ ներկայութիւնը փնտռելու, զԱյն ճանչնալու եւ Քրիստոսի ծնունդը մարմնաւորելու մեր կեանքի հոլովոյթին մէջ ապրելու, մինչ այդ աշխարհով մէկ շարունակուուղ վտանգաւոր երթով եւ պատերազմական թոհուբոհով մարդկութիւնը կը տարուբերի դժուար կացութիւններու մէջ եւ անլոյծ իրականութիւններու ու խնդիրներու դիմաց:
2022 տարեշրջանը դժուարութիւններով եւ նեղութիւններով լեցուն տարի մը եղաւ համայն մարդկութեան, որմէ անմասն չմնաց նաեւ հայութիւնը: Նամանաւանդ արցախեան պատերազմի հետեւանքներով մեծաթիւ հայորդիներ այսօր մտահոգիչ իրավիճակներու մէջ են, ինչ որ բնականոն ուրախութենէն հեռու կը պահէ ժողովուրդին մէկ կարեւոր զանգուածը:
Ներկայիս ասպնջական Սուրիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած ժողովուրդը եւս աննախընթաց տնտեսական սուր տագնապի, իսկ մայր Հայաստանն ու Արցախը՝ մարդկային եւ տարածքային կորուստներ ու սահմաններու անվտանգութեան հիմնահարցեր կը դիմագրաւեն:
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Տօնական այս օրհնաբեր օրերուն տիրող եղելութիւնները եւ արագընթաց յեղաշրջումները կը հրաւիրեն մեզ ըլլալու միասնակամ՝ հաւատարմութեամբ ու ծառայողական ոգիով մէկտեղելով մեր ջանքերն ու նուիրումը Աստուծոյ եւ մեր նմաններուն նկատմամբ:
Երկու հազարամեակ առաջ, Տէր Յիսուս Քրիստոս պատմութիւնը ճեղքելով աշխարհ եկաւ մարմնաւորելով մարդեղութեան խորհուրդը: Մեր թախանձագին աղօթքը թող ըլլայ, որ Ան կրկին ճեղքէ պատմութիւնը եւ միջամտէ մեր այսօրուան դիմագրաւած անլոյծ խնդիրներուն մէջ: Իր արդարութեամբ թող կասեցնէ անարդար արարքները, վերացնէ մարդոց պատճառուած զրկանքները եւ կրկին վերադարձնէ ու հաստատէ մարդուն կորսնցուցած արժանապատուութիւնը:
Մեր քրիստոնէական հաւատքի կրթութիւնը կը թելադրէ մեզ, որ մենք դիմաւորենք Նոր տարին նոր ակնկալիքներով, նոր յոյսով եւ մեր հայկական կեանքի միասնական կամքով:
Այսօր աւելի քան երբեւէ, հրամայական է մեր համազգային միասնութիւնն ու մեր համախմբուած ջանքերը: «Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ»: Բ.Կորնթ. (5.17)
Աստուածաշնչական այս խորհուրդը թող մեզի համար դառնայ ուղի եւ աշխատանքի ռազմավարութիւն:
Նորը՝ նոր սպասումներով եւ ակնկալութիւններով, սակայն միշտ յոյսով եւ արդար համերաշխութիւնը արգասաբեր արտայայտութիւններով թող գօտեպնդէ մեզ եւ հասցնէ այն վիճակին, որ անմատչելի եղաւ նախորդող տարեշրջանին:
Ապաւինելով Հօր Աստուծոյ հրաշագործ ներկայութեան՝ պիտի հաւատանք, որ գալիք օրերը մեզմէ իւրաքանչիւրիս ներդրումով է, որ կրնայ դրական կերպարանք ունենալ։
Եկէ՛ք, քրիստոնէական յոյսով դիմաւորենք եւ ակնկալենք, որ յառաջիկային տիրող քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակները ունենան իրենց դրական եւ գործօն դերակատարութիւնը բարիին համար պայքարող ժողովուրդին կեանքին մէջ:
Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Նոր Տարին օրհնաբեր տարի մը ըլլայ, հեռու վանէ բոլոր ծառացող դժուարութիւնները։
Թող Բեթլեհէմի փրկիչը առաջնորդ ու պահապան ըլլայ համայն մարդկութեան՝ բերելով աշխարհին սէր, խաղաղութիւն, համբերութիւն, աւելցնելով հաճութիւն մեր ընտանեկան, ազգային, եկեղեցական եւ համայնքային ընտանեկան փոխյարաբերութեանց մէջ։
Կը մաղթեմ ասպնջական Սուրիոյ, Հայաստանին եւ Արցախին սահմաններու ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն:
Կը շնորհաւորեմ Ձեր Ամանորը եւ Ս.Ծնունդը, մաղթելով Ձեզի երկարատեւ կեանք, բարեբեր եւ երկնային օրհնութիւններով լեցուն օրեր:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ։
Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան
Համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի