Ուրբաթ, 6 Յունուար 2023-ի առաւօտուն, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ Սուրբ Ծննդեան իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին:

Պատարագին ներկայ էին՝ ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական, հիւպատոս մեծարգոյ Բաբգէն Պատալեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխաններ Ժիրայր Րէիսեան եւ իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամներ, ինչպէս նաեւ հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:

Դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ հանդիսաւոր թափօրով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներով։
Ս. Պատարագին հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, հոգեկան ցնծութիւն եւ անդորրութիւն պարգեւելով ներկաներուն:
Պատարագի առընթերականերն էին Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան:
Յընթացս Սուրբ Պատարագին, Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ: Սրբազան Հայրը սուրբ Խաչով, սուրբ Աւետարանով եւ սրբալոյս Միւռոնով օրհնեց ջուրը: Կնքահայրն էր Գրիգոր Փայասեան, որ Ս. Խաչը շալկած մասնակցեցաւ արարողութեան:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ս. Ծննդեան իր պատգամը ուղղեց եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուող ժողովուրդին եւ «Ռատիօ Երազ»-ի առցանց սփռումին ճամբով Պատարագին հետեւող ժողովուրդի զաւակներուն:
«Խորհուրդ Մեծ» Ս. Ծննդեան շարականը բնաբան ունենալով, Սրբազան Հայրը բնութագրեց Ս. Ծննդեան հրաշալի տօնը ըսելով. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի է իրօք այսօր, եւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան եւ Ծննդեան տօնն է: Մանկացեալ Յիսուսը մեր սրտերուն մէջ ընդունելու հրաշալի տօնն է, այլ խօսքով՝ աստուածային սէրը, աստուածային խաղաղութիւնը, աստուածային լոյսը, յոյսը եւ կեանքը մեր մէջ ընդունելու եւ անով կենսաւորուելու տօնն է այսօր»: Աւելցնելով ան ըսաւ. «Այսօր աստուածային գերագոյն եւ անսահման սիրոյն մարմնաւորման տօնն է, այն լոյսը որ երկնքէն կը շողայ եւ մեր մտքի, սրտի եւ հոգիի խորհուրդներուն, կամքին, ապրումներուն, մտածումներուն եւ ողջ էութեան կանթեղին մէջ ճառագայթելով՝ մեզ դէպի աստուածային գիտութիւն, աստուածպաշտութիւն եւ Աստուծոյ երկրպագելու կ’առաջնորդէ»: Ան հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի մոգերուն նման որպէս լաւագոյն նուէր իրենց սրտերը բանան մանկացեալ Քրիստոսին առջեւ:
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները՝ Ամանորի եւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, աղօթելով, որ այս տօնին խորհուրդով կերպարանափոխուած՝ նոր էջ բանան իրենց կեանքին մէջ եւ ապրին, գործեն եւ ստեղծագործեն՝ Աստուծոյ փառքին, մեր եկեղեցւոյ պայծառացման եւ մեր ազգի փառքին համար:
Մակար Սրբազան մաղթեց, որ Խաղաղութեան Իշխանը, Կեանքի Պարգեցիչը եւ Արդարութեան Արեգակը Իր կենդանի ներկայութեամբ հովանի ըլլայ մեր հայրենիքին Հայաստանին, Արցախին, ծննդավայր Սուրիոյ, օրհնէ ու պաշտպանէ Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահը, սուրիական բանակը, պետութեան ղեկավարները, ինչպէս նաեւ օրհնէ, իմաստութեամբ եւ եղբայրասիրութեամբ լեցնէ ազգային իշխանութեան, ազգային վարչութեան, կրօնական ժողովի, մեր կազմակերպութիւններուն, ազգային մարմիններուն, միութիւններուն եւ յանձնախումբերուն մէջ ծառայող անդամները:
Այնուհետեւ, դպրաց դասը Ս. Ծննդեան հոգեթով շարականներ երգեց, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը ընդունեց ժողովուրդի զաւակներուն շնորհաւորութիւնները եւ օրհնեց զանոնք: Որմէ ետք, Մակար Սրբազան թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Ազգ. Առաջնորդարան, ուր պետական, ապահովական եւ կրօնական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, քոյր յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերու, հայ եւ արաբ կուսակցութիւններու, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու, դպրաց դասերու եւ հաւատացեալներու Սուրբ Ծննդեան տօնի շնորհաւորութիւնները ընդունեց:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի: Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս: