«Խորհուրդ մեծ և սքանչելի,
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս`
Տան աւետիս աշխարհի»։

Ուրբաթ, 6 Յունուար 2023֊ ի առաւօտեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի,
նախագահութեամբ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ պատկան մարմինին, թաղականութեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան։
Օրուան խորհուրդը ուղղեց հոգեշնորհ հայր սուրբը, որ նախ փոխանցեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին շնորհաւորութիւնները, ապա անդրադարձաւ Սուրբ
Ծննդեան տօնի խորհուրդին, որպէս աւետում փրկութեան եւ մեղքերու քաւութեան։ Հայր սուրբը յորդորեց սիրոյ, խոնարհութեան եւ զոհողութեան սկզբունքներով զինուիլ, որպէսզի խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը տիրեն համայն աշխարհին։

Պատարագին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք, ապա ժողովուրդը թափօր կազմած, հոգեշնորհ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ միացաւ ՀՄԸՄ֊ի փողերախումբին եւ սկաուտութեան ու տողանցելով ուղղուեցաւ դէպի առաջնորդարանի շրջափակ, ուր ազգային երգեր հնչեցին։ ։
Այնուհետեւ հայր սուրբն ու ազգայինները շնորհաւորութիւններ ընդունեցին առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն