ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Հալէպի ալ-Ահլի-Իթթիհատ ակումբը պասքեթի խումբի արժանթինցի մարզիչ Փեթրաչին դադրեցնելէ ետք, կազմին նոր մարզիչ նշանակեց լիբանանցի մասնագէտ Ղասան Սարգիս, որ տարիներ առաջ մարզած էր Ահլին:
– Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթի ակումբային մրցումներու շրջագիծին մէջ, Դամասկոսի մէջ Քարամէն 89 – 67 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Լիբանանէն ժամանած ալ-Ռիյատի խումբին դէմ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՏԻՏԻԷ ՏԵՇԱՄՓ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ 
Շաբաթ օր, Ֆրանսայի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ ֆութպոլի խումբի մարզիչ Տիտիե Տեշամփ պիտի շարունակէ իր պաշտօնը մինչեւ 2026: Դաշնութիւնը պաշտօնական կայքէջին մէջ յիշեց, որ Տեշամփի հետ պիտի շարունակէ նաեւ իր օգնականը Ճաժ Սթիվընը, դարպասապահերու մարզիչ Ֆրանք Ռաֆիօթը եւ մարմնամարզի պատասխանատու Սիրըլ Մոյնը: Նշենք, որ Տեշամփ Ֆրանսայի հաւաքականին հետ տիրացաւ 2018-ի համաշխարհային ախոյեանութեան, 2021-ին Եւրոպայի ախոյեանութեան: Շաբաթներ առաջ, 2022-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականին, ան պարտութեան մատնուեցաւ Արժանթինէն եւ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
ՍՔԱԼՈՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻՉ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ 
Միջազգային ֆութպոլի կազմակերպութեան պատմական բաժինի յատուկ յանձնախումբը 2022-ի տարուան լաւագոյն մարզիչ ընտրեց Արժանթինի հաւաքականի մարզիչ Լիոնէլ Սքալոնին: Ըստ ՖԻՖԱ-ի կայքէջին, Սքալոնի 240 կէտ ապահովելով գրաւեց առաջին դիրքը, 195 կէտերու տարբերութեամբ իրեն յաջորդեց Ֆրանսայի հաւաքականի մարզիչ Տիտիեղ Տեշամփը: Երրորդ տեղը գրաւեց մարոքցի մարզիչ Ուալիտ Ռաքռաքի, ապահովելով 30 կէտ: Աւելցնենք, որ 43-ամեայ մարզիչը Արժանթինի հետ տիրացաւ 2022-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեանութեան:
ԶԻՏԱՆԸ ԵՐԵՔ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՐԶԻՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ ՄԵՐԺԱԾ Է
Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Զենատտին Զիտան ստացած է  առաջարկներ մարզելու Պրազիլի, Փորթուկալի եւ Ամերիկայի հաւաքականները, բայց ան մերժած է բոլոր առաջարկները: Ֆրանսական L’Equipe-ը յիշեց, որ ֆրանսացի մասնագէտը յոյս ունէր փոխարինելու Տիտիէ Տեշամփը, սակայն Ֆրանսայի Դաշնութիւնը երկարաձգելով անոր պայմանագրութիւնը զինք հեռու պիտի պահէ նաեւ իր երկրի կազմէն: Աւելցնենք, որ Զիտանի գլխաւորութեամբ Ռէալ Մատրիտ արժանացած է բազմաթիւ տիտղոսներու:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան