ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի յատուկ նիստին, որ հրաւիրուած է Հայաստանի նախաձեռնութեամբ, Ֆրանսան կրկնած է իր կոչը՝ անյապաղ եւ անվերապահօրէն վերականգնելու Լաչինի միջանցքէն տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ յարգելով տեղւոյն բնակչութեան իրաւունքները:
«Արմէնփրէս»-ը այս մասին կը տեղեկանայ ԵԱՀԿ Ֆրանսայի մշտական ներկայացուցչութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութենէն:

«Ֆրանսան վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու մէջ յառաջընթացի որոնման՝ տարածաշրջանի մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով, նաեւ պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու այդ նպատակի իրագործման՝ բոլոր գործընկերներուն և շահագրգիռ կողմերուն հետ գործակցելով», նշուած է ԵԱՀԿ Ֆրանսայի մշտական ներկայացուցչութեան մամուլի ծառայութեան Twitter-ի պաշտօնական էջին վրայ:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութեամբ Վիեննա է, ուր կը մասնակցի Հայաստանի նախաձեռնած ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի յատուկ նիստին։