Քրէմլին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր թուրք պաշտօնակից Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ խորհրդակցած է Սուրիոյ իրավիճակին եւ այլ հարցերու շուրջ։ Քրէմլին հաղորդագրութեամբ յայտարարեց, որ երկու նախագահները խորհրդակցած են Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ եռակի խորհրդակցութիւններ իրականացնելու Անգարայի նախաձեռնութեան շուրջ։
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Ասթանայի բանակցութեանց գծով Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մօտեցումներու համադրման կարեւորութեան։