Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 18 Յունուարին Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարեց, որ կրկին պիտի մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին:
«Ինչպէս անցեալ տարի, այս անգամ եւս ես Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն հրաւէր ստացած եմ մասնակցելու Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին:
Ըստ ամենայնի, պիտի մասնակցիմ այդ ֆորումին, ուր ենթադրաբար նաեւ պիտի ըլլայ հանդիպում եւ քննարկում: Կը կարծեմ՝ սա շատ կարեւոր է նաեւ երկխօսութիւնը շարունակելու, զարգացնելու եւ աւելի որոշակի առարկայական արդիւնքներու յանգեցնելու համար», ըսաւ Միրզոյեան։

Յիշեցնենք, որ Արարատ Միրզոյեան Մարտ 2022_ին մասնակցած էր Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին, ուր հանդիպած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին հետ: