Աշխատանքային այցով 23 Յունուարին Պրիւքսէլի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին հարցերու կոմիտէի նախագահ Տեյւիտ Մըքալիսթերի հետ քննարկած է տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան հարցեր, ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքները:

Ըստ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան՝ ընդգծուած է, որ Ատրպէյճանը նպատակ կը հետապնդէ ցեղային զտումներու ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար հայ բնակչութիւնը։

Միրզոյեան շեշտած է միջազգային հանրութեան կողմէն Ատրպէյճանի նկատմամբ ճնշումը աւելցնելու անհրաժեշտութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդկային աղէտը կանխարգիլելու նպատակով, կարեւոր համարելով 18_19 Յունուարին Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընդունուած՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակման մասին հրատապ բանաձեւի եւ «Ընդհանուր արտաքին ու անվտանգային քաղաքականութեան իրականացում. 2022_ի տարեկան զեկոյցին մէջ» արտայայտուած սկզբունքային դիրքորոշումները, որոնք առարկայականօրէն կ’արտացոլեն տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը: