Լրագրութիւնը կը հանդիսանայ հասարակական այն էական եւ օգտակար ձեռնարկներէն կամ աշխատանքներէն, որ առաւելագոյնս աղերսուած է ազատութեան եւ բազմակարծութեան գաղափարներուն:
«Լրագրութիւն» եւ «ազատութիւն» արտայայտութիւնները, որպէս եզր եւ բովանդակութիւն, միշտ եւ ամէնուրեք զուգահեռաբար կը հնչեն եւ իրարմով կը պայմանաւորուին: Յիրաւի, առանց յանձնառու լրագրութեան, դժուար է ազատութիւն ձեռք բերել եւ առանց պատասխանատու ազատութեան՝ ներգործուն լրագրութիւն ստեղծել:
Ասիկա անշուշտ բանաստեղծական գեղեցիկ ձեւակերպում չէ, զոր լրագրողներ հրապարակ կը նետեն յաճախ, ոչ ալ անբովանդակ գնահատում կամ անզօր առաքինութիւն, որ սոսկական խօսքի սահմանները անկարող է շրջանցել: Ընդհանրապէս համատեղ հանդէս եկող այս քոյր ըմբռնումները իրենց սերտ փոխկապակցութեան կողքին կը ներփակեն նաեւ տարբերութիւններ, մէկը միւսին հակասող կամ զիրար ամբաստանող ու գայթակղեցնող:
Լրագրութիւնը կ’արծարծէ ազատութեան հարցը, զայն արգելակող մարտահրաւէրները, իսկ ազատութիւնը՝ լրագրութեան հիմնախնդիրներն ու մտահոգութիւնները:
Շատ հեղ, մէկը միւսին նկատմամբ կը սխալի, կը մեղանչէ, այն աստիճան՝ որ մարդիկ երբեմն կ’ընդվզին եւ կը հրաժարին երկուքէն՝ թէ՛ ազատութենէն եւ թէ լրագրութենէն:
Այնուամենայնիւ, մամուլը հանրային դպրոց է, հասարակութիւնը ուղղող, դաստիարակող եւ առաջնորդող հարթակ: Աւելին՝ ազգային թէ մարդկային հաւաքական ազնուագոյն արժէքներու արթուն պահակ, վսեմ սկզբունքներու եւ առաքինութեանց ջատագով…:
Մամուլի պարտականութիւնն է հանրային կեանքի ծառայութեան կոչուած կառոյցներու թերութեանց եւ անբաւարարութիւններու մատնանշումը, ցաւեր եւ դժուարութիւններ յաղթահարող ելքերու եւ դարմաններու որոնումը, յաջողութեանց եւ նուաճումներու խրախուսումը, սայթաքումներէ եւ որոգայթներէ զգուշացումը…:
Մամուլը պէտք է ըլլայ արդարամիտ եւ անկողմնակալ, հաւասար հեռաւորութիւն պահէ բոլորին, անհաշուենկատօրէն ծառայէ բոլոր կողմերուն անխտիր: Մանաւանդ՝ պէտք է ըլլայ ճշմարտութեան երկրպագու, անշահախնդիր, պարկեշտ…:
Պայքարի դրօշ պէտք է պարզէ փտածութեան եւ կաշառակերութեան, շեղ եւ խոտոր բարքերու, յոռի եւ եպերելի երեւոյթներու դէմ…:
Պէտք է հետամտի հասարակական դաշտը աղաւաղող, խաթարող որոմներն ու տատասկները մաքրազտել:
Մամուլն ու հանրային այլ քարոզամիջոցներ պարտաւոր են ըլլալ միաւորիչ ազդակ եւ ոչ՝ պառակտող, երկրի մը կամ ժողովուրդի մը բոլոր հոսանքները, ողջ կարելիութիւններն ու հնարաւորութիւնները համատեղող, միազանգող միջոց եւ ոչ՝ բաժանարար կամ թուլացնող պատճառ:
Մամուլը կը հանդիսանայ ցոլացումը, արտայայտիչը զայն հրատարակող կողմին (պետութիւն, համայնք, կազմակերպութիւն, խմբակցութիւն կամ անհատ) հաւատամքին, աշխարհահայեացքին, տեսլականներուն, գործունէութեան, ընկրկումներուն, յառաջընթացին… աւելին՝ այն ամպիոնը, ուր անհատներ եւ խմբակցութիւններ ի մի կու գան՝ հասարակական խնդիրներ ու մտահոգութիւններ քննելու, արժեւորելու, դատելու եւ համապատասխան վճիռներ արձակելու…:
Հանրային կարծիքի ձեւաւորման ոլորտին մէջ մամլոյ դերակատարութիւնը անփոխարինելի է եւ առաջնային:
Բազմակարծութիւնը, հաւաքականութիւնը յուզող մտահոգութիւններու բարձրաձայնումը, կառուցողական եւ քաղաքակիրթ քննադատութիւնը կը կազմեն կայացած, առանձնայատուկ, յստակ ուղղուածութիւն եւ դիմագիծ հարթած, ինքնիշխան՝ բայց պատասխանատու մամուլի կարեւոր բաղկացուցիչներէն:
Հրապարակագրական ասպարէզին ծառայելու պատրաստուողը պէտք է իմանայ, որ գործ պիտի ունենայ արդարադատութեան անաչառ ատեանի մը հետ, որովհետեւ մամուլը անկաշառ եւ անշահախնդիր դատաւոր ըլլալու կոչուած է:
Դատելու իրաւունք կարելի է նուաճել միայն ապաւինելով ինքնաքննութեան եւ ինքնակշռումի տարբերակին:
Նուիրական արժէքներ եւ առաքինութիւններ ջատագովելու, ընդհանրական ցաւերու դարմաններ որոնելու, դժուարութիւններ յաղթահարելու…. կ’առաջնորդեն մեզ զննելն ու վիճարկելը, որոնք կը համարուին մամուլի ճշմարիտ կոչումը, հիմնական առաքելութիւնը:
Հոգեմտաւոր արիութեան յայտարար է ինքնադատութիւնը, հզօր անհատականութեան գրաւական, որմէ կը խուսափին, կը սարսափին թուլակամները, անդիմագիծ եւ անողնաշար մեղկ մահկանացուներ:
Ինքնադատութիւնը պէտք է ըլլայ խիստ, բծախնդիր եւ պարկեշտ, իսկ այլոց հասցէագրուած դիտարկումները՝ մտքի ու լեզուի քուրայէն անցած, վաւերական փաստերով ամրագրուած, հաւաստի փորձաքարի զարնուած:
Մամլոյ գլխաւոր առաքելութիւնը կը սահմանուի ինքնաքննութեամբ, ինքնադատութեամբ, ինքնարժեւորումով եւ ինքնաճանաչումով:
Առանց ազատութեան մամուլը չի կրնար շնչել, առանց ժողովրդավարութեան եւ բազմակարծութեան չի կրնար գոյատեւել:
Անկաշկանդ մտածողութիւնն ու ազատ խօսքը հացի եւ ջուրի չափ էական են անոր կենսաւորման եւ յարատեւութեան համար:
Մամուլը կոչուած է անկաշառ եւ անշահախնդիր դատաւոր դառնալու:
Բանաւոր մահկանացուներ հազուադէպօրէն անհամաձայնութիւն կը յայտնեն բարձրարժէք հասկացողութեանց վերաբերեալ… իսկ հակառակ պարագային՝ այդ տարակարծութիւնը կ’ըլլայ ձեւական, որ առաւելաբար կ’առնչուի տուեալ ընկալումներուն հասնելու կերպերուն ու միջոցներուն, սակայն լրջօրէն կը վնասէ նոյն այդ վսեմ ըմբռնողութեանց ու կը նսեմացնէ զանոնք, որքան ալ գերակշիռ ըլլայ անոնց արժէքը կամ գնահատականը:
Առկայ իրավիճակէն խուսափելու համար հարկ չկայ շատ հեռուները երթալու, ոչ ալ աւելորդ ընդհանրացումներու եւ տեսական բացատրութիւններու ապաւինելու: Բայց պէտք է խոստովանիլ՝ որ պատրաստի մոգական լուծումներ ընձեռուած չեն մեզի տիրող կացութիւնը արմատապէս դարմանելու համար:
Ազատութիւնը կը մեղադրէ լրագրութիւնը, եւ փոխադարձաբար՝ լրագրութիւնը կը դատապարտէ ազատութիւնն ու անոր գոյացուցած մթնոլորտը, չվերահսկուած պայմանները, այն աստիճան՝ որ շատ անգամ անոնց միջեւ կը ստեղծուի սուր, բայց ծիծաղելի հակադրութիւն, անկամրջելի անջրպետ ու վանողականութիւն:
Վերջերս տեղացի (սուրիացի) պետական պատասխանատու մը դժգոհութեամբ կ’արտայայտուէր մամլոյ եւ տեղեկատուական այլ միջոցներու հասցէին, մեղադրելով զանոնք գիտական հիմնաւորումով առողջ եւ օգտակար պատկերացումներ չներկայացնելու, երկիրը յառաջդիմութթեան եւ բարգաւաճման մղող, ինչպէս նաեւ նպատակայարմար օրէնքներու մշակման եւ արդիւնարար դարմաններու որոնման կենսականութիւնը ընդգծող տեսակէտներ եւ նախագիծեր չառաջադրելու թերացումով: Ան կը գանգատէր, թէ մարդիկ առհասարակ բացասականօրէն տրամադրուած են մամլոյ եւ լրատուական աշխարհին, ու յատկապէս՝ պետական մարզի հաղորդածառայութիւններուն նկատմամբ, որովհետեւ անոնք հասարակութեան իսկական ցաւերուն, դժուարութիւններուն հարազատ թարգման չեն հանդիսանար, միանգամայն պատասխանատուներու կողմէ տրուած խոստումները անհրաժեշտ աչալրջութեամբ եւ հետեւողականութեամբ չեն հետապնդեր: Նոյն պատասխանատուն կը շարունակէր հարց տալով:
«Որեւէ երկնակամարի տակ լիիրաւօրէն ազատ մամուլ գոյութիւն ունի՞ արդեօք»:
«Մեր երկրի (Սուրիոյ) պաշտօնական լրատուադաշտը իր կարգին բաւարար ազատութիւն կը վայելէ՞ միթէ»:
Ապա կ’եզրակացնէր. «Այս զոյգ հարցադրումներուն անվարան կրնանք պատասխանել՝ ե՛ւ այո, ե՛ւ ոչ, երկու պարագաներուն ալ չսխալելով»:
Անշուշտ առեղծուածի մասին չէ խօսուածը: Առ ի պարզաբանութիւն, անմիջապէս խոստովանինք՝ որ Սուրիոյ պաշտօնական մամուլը համալիօրէն չէ օգտագործած իրեն ընծայուած ազատութեան բաւական տարողունակ լուսանցքը: Միւս կողմէ չուրանանք նաեւ, որ այդ ազատութիւնը չարաշահող եւ խոչընդոտող տարրեր չեն պակսիր մեր իրականութենէն ներս:
Մարդիկ նոյնատեսակ դիրքորոշումներ չունին ազատութեան նկատմամբ: Ազատութիւնն ալ միանշանակ կողմնորոշում չունի ճշմարտութեան հանդէպ: Ճշմարտութիւնը իր հերթին, յստակ եւ վճռական կեցուածք չի դրսեւորեր առարկայականութեան առնչութեամբ:
Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել:
Ուսումնասիրողներ, տեսաբաններ եւ վերլուծաբաններ բազմիցս փորձած են պատասխանել այս հարցին՝ ազատութեան գաղափարը համեմատելով այլ հասկացութեանց հետ, ինչպէս՝ պատասխանատուութիւն, ճշգրտութիւն, ճշմարտացիութիւն, պարկեշտութիւն, հաւատարմութիւն, արդարացիութիւն…. եւ այլն, որոնք բոլորն ալ, ըստ պայմաններու, յարափոփոխ ըմբռնումներ են եւ անկարող՝ խնդրին վերջնական լուծում բերելու:
Ազատ մամուլն ու անսանձ լրահոսքը կրնան առանց բաւարար տուեալներու կամ ապացոյցներու անմեղ մը ամբաստանել, նոյնիսկ դատապարտել զայն իբրեւ յանցագործ նման անմեղ ամբաստանեալներ, որոնց ազատութիւնը բռնաբարուած է, ինչպէ՞ս կ’ընկալեն արդեօք մամլոյ ազատութիւնը, մտածումի եւ արտայայտութեան անկաշկանդութիւնը:
Կացութիւնը տարբեր եւ աւելի բարենպաստ չէ նաեւ միջ-պետական քաղաքական բեմահարթակի վրայ:
Միացեալ Նահանգներ կը դաւանի ըլլալ կարծիքի եւ մամլոյ ազատութեան ջատագով առաջատար երկիր: Անուրանալի է միանգամայն, որ ԱՄՆ-ի հպատակներ իրենց երկրէն ներս կը վայելեն զայն ազատութիւններ՝ մարդկային իրաւանց, անկաշկանդ մտածումի եւ արտայայտութեան առումներով: Ամերիկացիք  արդարօրէն կը հպարտանան իրենց ազատ մամուլով, որուն շնորհիւ յաջողած են ժողովրդային թէ պաշտօնական հարթութեանց վրայ թոյլատրուած որեւէ շեղ ընթացք ուղղել, մինչեւ անգամ բարձրագոյն դիրքի տէր անձնաւորութեանց սայթաքումներ հակակշռել, նախագահներ պաշտօնազրկել, ինչպէս պատահեցաւ նախագահ Նիքսընի պարագային: Սակայն եթէ պահ մը հարց տանք, թէ նոյն ամերիկեան մամուլը արդեօք ինչպէ՞ս կը վերաբերի այլ ժողովուրդներու կամ ազգերու իրաւունքներուն ու ողբերգութեանց պարագաներուն: Արդեօք համահաւասար արդարամտութեամբ եւ անաչառութեամբ հանդէս կու գա՞յ բոլորին հանդէպ անխտիր: Աւելին՝ ազատութեան եւ արդարութեան ջահակիր ամերիկեան եւ եւրոպական զանգուածային լրատուամիջոցներ արդեօք համարժէք պարկեշտութեամբ եւ անկողմնակալութեամբ կ’արձագանգե՞ն օրական դրութեամբ աշխարհի տարբեր երկրամասերու վրայ արձանագրուող բոլոր իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն:
Պատասխանները դժուար թէ դրական, բաւարարող եւ համոզիչ ըլլան:
Արդարեւ, ճշմարիտ ժողովրդավարութիւնն ու այլակարծութիւնը իրողապէս անընդունելի են նաեւ միջազգային մակարդակով: Այն երկիրը կամ անձնաւորութիւնը, որ կը քննադատէ գերհզօր պետութեանց արտաքին քաղաքականութիւնը, կը մատնանշէ այնտեղ նշմարուող բացայայտ եւ կոպիտ սխալները, անարդարութիւնները, շահախնդիր դիրքորոշումները… կը համարուի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան հակադրուող թշնամի կողմ, որ կը քաջալերէ բռնութիւնը, ահաբեկչութիւնը եւ կը զօրակցի չարագործ եւ կործանարար ուժերու:
Վերոյիշեալ ընդգծումներն ու ակնարկութիւնները, անտարակոյս, չեն միտիր մտածումի եւ արտայայտութեան ազատութիւնները սահմանափակող որեւէ վարքագիծ կամ ուղղուածութիւն արդարացնելու, այլ ընդհակառակը՝ անգամ մը եւս շեշտելու եւ հաւաստելու, որ ազատութիւնը կը հանդիսանայ անփոխարինելի նախապայման մամլոյ շնչառութեան ու յարատեւութեան համար:
Կը մնայ յիշեցնել, որ ազատութիւնը միշտ վտանգուած է, անընդհատ ճգնաժամ կ’ապրի, որովհետեւ սովորաբար մահկանացուներուս կը հետեւի, մեր քմահաճոյքին ենթակայ է, եւ առանձնապէս կախեալ է մեր վերաբերումէն, մեր վայելած հեղինակութենէն եւ մեր նիւթական հնարաւորութիւններու տարողութենէն:
Արդ՝ ի՞նչ պէտք է ընել, ինչպիսի՞ հնարքի դիմել: Լուծման ի՞նչ տարբերակներ առաջարկել:
Ազատութիւնը կը մնայ ելքի եւ լուծման առաջնորդող հրաշազօր միակ միջոց:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Խաչիկ Շահինեան