Ուրբաթ, 20 Յունուար 2023-ին Թարթուսի Յոյն ուղղափառ Մար Տանիալ եկեղեցւոյ մէջ թարթուսահայութիւնը մասնակից և աղօթակից դարձաւ Ամանորի եւ Ս.Ծննդեան տօներուն առիթով մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ ջրօրհնէքին, որոնք կատարուեցաւ ի յիշատակ մկրտութեան տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, ձեռամբ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի։ Կնքահայրութեան պատիւը կրեց պատանի Յովհաննէս Քիւրդիւքեանը։