ՄԱՅՐԵՐՈՒ ԵՒ ՍԱՌՆԱՐԱՆԻ ՕՐ
– Ինչքան բարկութիւն կ’ուտէինք մանկուց. «Սառնարանէն առածնիդ ետ տեղը դնելը չսորվեցաք, գնաց», կ’ըսէր մայրս։ «Սառնարանը սինեմա չէ, բանալով մի՛ զմայլիք, արագ որոշեցէ՛ք, առէ՛ք ու դուռը փակեցէ՛ք»։ Զարմանալի չէ որ շուկան սառնարանի կղպանք կը ծախուի շատուոր տուներու համար։
– Մարտ 21 է, սառնամանիք տօն, կերակուրները դուրսը մոռցած ըլլամ՝ թէ ներսը դրած՝ ոչ մէկ տարբերութիւն։ Նաեւ՝ օրդ է Մամա՛։ Իրարմէ հեռու ենք, բայց ձայնդ խոհանոցէն ներս դեռ զիս կը զգուշացնէ։ Կը նայիմ սառնարանէն դուրս մոռցածս կերակուրներուն եւ լուռ ժպիտով զանոնք ուզածիդ պէս «ետ տեղը» կը դնեմ, ոչ մէկ վէճ։
– Անոնց մէջ, փոքրիկ կաթօ մը՝ որ քու առաքինազարդ բարեսրտութեանդ պատւոյն կ’ուտեմ այսօր։ Չէ՞ որ տեսակ մը որբութիւն կ’ապրիմ, չնայած որ ողջ-առողջ ես, Աստուած ալ երկարէ այդ ոսկի թելը որ կեանքդ կը հիւսէ։ Կամքէ անկախ, պատերազմը մեր ուղիները իրարմէ խզեց, բեւեռացուց, վիրաւոր թողլով մեր Հալէպը, աստ. Արցախը՝ հոն։
– Բայց, ի մօտոյ, ձիւները պիտի հալին, գարնամառը պիտի գայ (Գարնան եւ Ամրան խառնուրդ մը նոր)։ Այդ ատեն սառնարանին սառերն ալ պիտի հալհլին հոսանքի մշտական չգոյութենէ. ուրեմն տե՛ս, արդէն բարիք մը կը վայելենք այսօր, շնորհիւ ցուրտի չարիքին ու կը մոռնանք փառք տալու անոր՝ ուտելիքները ձրիաբար պահպանելուն համար, ուր ալ ըլլան անոնք։ Մեզի պէս, ըլլայ սառնարանէն ներս՝ հայրենիք, ըլլայ խոհանոցին մէջ՝ Սփիւռք, ոչ մէկ տարբերութիւն կամ վէճ։
– Քով քովի չենք, բայց կարօտախտը կ’աղէ վէրքը, կը պահպանէ մեր հոգին փտտելէ, բորբոս կապելէ, բեւեռային Սվալպարտ կղզիի սառնարանին մէջ պահուած հունտի մը պէս, որ պարարտ հողին հետ հանդիպման պիտի ծլի, նոյնիսկ դար մը կարօտէ ետք։ Գաղտնիքը մեր միջուկներուն մէջն է, սիրով ընդելուզուած։
– Ատրաշէկօրէն գեղգեղող սիրտս քեզի համար կը բանամ այսօր, Մամա՛. սառնարանի դրան մը պէս որ հոսանքէ զուրկ է՝ (ես քեզմէ հեռու) բայց նոյն ջերմաստիճանն ունի որքան խոհանոցը (քանի որ բաց դուռը կը հերքէ սահմանները). երբ որ ընդերքը կը նոյնանայ՝ կը լիանայ արտաքինին հետ, թէկուզ զեռոյէն վար, ստորադաս պահով…
– Սառնարան ըսուածն ի՞նչ է որ. երբ որ երկարաժամկէտ մեկնինք տունէն, անոր դարպասները բաց պիտի ձգենք, օր մը օրանց, հոսանքն անջատ. սառած մեռելը մի քանի օր եւս պահպանող բժշկատունի դիարանի պէս, կամ բաց գերեզմանաքարէ յարութիւն առնելու նման… Սառնարանի դրան վրայ լուսանկարդ՝ մագնիսով։
– Խոհանոցի զարդերէն մին վերէն աչքիս կը զարնէ յանկարծ, Մարիամ Աստուածածինն է հրսիրտ՝ գիրկը մանչուկ ու անոնց առջեւ՝ նարնջավարդ լամբ մը վտիտ, մութին մէջ ճամբորդող ջահակիրներու նման. ես քեզի հետ այսօր եւ ամէն օր։ «Առածդ «յարութիւն»-ը ետ տեղը դնելու չմոռնաս, տղա՛ս»։
*****
ՃԵՐՄԱԿ
       Հարսի հագո՞ւստ – թէ ամպ,
       Մեռելի պատա՞նք – թէ շերամ.
       Ինչ որ ճերմակ, ճերմակ հագուի,
       Օր մը պիտի հանուի։
       Հարսը – հասուն ամպի պէս
       Վրան միօրեայ զգեստ.
       Փարաւոննե՜ր – դարձան դիեր,
       Նորեկը – միօրեայ թիթեռ:
       Ըլլայ պատանք, ըլլայ բոժոժ*,
       Ե՛ւ դրախտ է ե՛ւ դժոխք։
       Երբ որ ճերմակ, ճերմակ հագուի,
       Ամէն ինչ կը սրբուի։
                                *
       Հարսի հագո՞ւստ – թէ ամպ,
       Թէ՞ պատանք – թէ շերամ…
     *շերամի պատեան (cocoon), շերամը՝ մետաքսէ թել հիւսող որդ է (silkworm) որ կը վերածուի թիթեռի։
       14.09.2022
       Հալէպ 
*****
ՌՕՆՏՕ
    Ծառը կը հարցնէ
    – Կոթդ ինձմէ է
    զի՞ս կը կացնահարես
    Կացինը թէ
    – Ուր հաց
               հոն կացին
    Ծառը լալագին
    – Մեռնողը ես
                    մահս ինձմէ
    Կացինն անձնուրաց՝
    – Ուր հաց, հոն՝ ես
    (զի՞ս կը կացնահարես)
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Յարվարդ
01.10.2022
Հալէպ