Չորեքշաբթի, 18 Յունուար 2023-ի առաւօտուն, հայ երեք համայնքապետներ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Ազգ. Առաջնորդարանի սրբազան հօր գրասենեակէն ներս, Հայ Ծերանոցի  հաշուեքննիչ մարմինին հետ հանդիպում ունեցան, որուն ընթացքին համայնքապետները 2017-2022 հնգամեակին կատարուած աշխատանքին առնչութեամբ տեղեկացուեցան եւ որոշ հարցերու գծով լուսաբանական պատասխաններ ու բացատրութիւններ ստացան:
Երեք համայնքապետները մօտէն ծանօթանալով հաշուեքննիչ մարմինին տարած աշխատանքին, բարձրօրէն գնահատեցին անդամներուն կատարած աչալուրջ պարտականութիւնը եւ իրենց ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնելով ամենաբարին մաղթեցին, յուսալով, որ նոյն նախանձախնդրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ, երեք համայնքապետները հանդիպում ունեցան նաեւ Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան եւ նորանշանակ տնօրէն Յակոբ Ալապոզանեանին հետ, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս:
Հանդիպումին, երեք համայնքապետները ընդհանուր առմամբ անդրադառնալէ ետք Հայ Ծերանոցի առաքելութեան, աշխատանքին եւ գործունէութեան, որոշ կէտերու շուրջ իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին եւ խնամակալութեան ու տնօրէնութեան թելադրեցին, որ ճիգ ու ջանք չխնայեն եւ ամէն իմաստով փորձեն Հայ Ծերանոցը իր լաւագոյն վիճակին մէջ պահել ու բարձրացնել, իւրաքանչիւրը իրազեկ իր պարտականութեան եւ համաձայն ներքին կանոնագիրին լծուի աշխատանքի եւ իր ծառայութիւնն ու պարտականութիւնը հեզասահ ընթացքով առաջնորդէ՝ ի բարօրութիւն մեր հայ տարեցներուն եւ ի պայծառութիւն Հայ Ծերանոցին:
Խնամակալութեան անդամները, իրենց կարգին, լսելէ ետք համայնքապետներուն թելադրութիւնները, որոշ բացատրութիւններ տուին իրենց տարած աշխատանքին գծով, ապագայի ծրագիրներուն եւ գործընթացին մասին, յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց աշխատանքը լիարժէք կերպով կատարելու:
Երեք համայնքապետները իրենց հայրական օրհնութիւնները փոխանցեցին խնամակալութեան անդամներուն եւ տնօրէնին եւ յաջողութիւն, օրհնաբեր եւ արդիւնալի ծառայութիւն մաղթեցին անոնց: