Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի տնօրինումով եւ թելադրութեամբ, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ին, այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Ս. Աստուածածին եկեղեցի, «Տիգրանեան» սրահ, ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան պարտէզ եւ Կրթասիրացի կառոյցները, ուր հայորդիներ ապաստանած են՝ երկրաշարժին հետեւանքով։
Հայր Սուրբը գօտեպնդելով բոլոր տարիքի հայորդիները մաղթեց, որ աղօթքով, զգօնութեամբ եւ անվտանգ յաղթահարեն երկրաշարժին հետեւանքները։