Ոչ-ԻՐ(ական)
«Հետեւաբար ի՞նչ ընել. զրկուի՞լ գեղեցիկ իրերու վայելքէն, թէ՞ կառչիլ անոնց»: (Մարուշ Երամեան, Իրերը եւ Մենք, «Գանձասար» շ. 26 Յունուար 2023)
Համոզուած էր, որ ճամբորդի մը համար հիմնականը «ձգածիս ընդմիշտ» իմաստութիւնն էր, որուն համար անհրաժեշտ չէր ըլլալ «ճամբորդ մ’աղքատ»: Բաւ էր անցագիրը, քրետիթ քարթը եւ բջիջայինը: Թերեւս շուտով՝ միայն բջիջայինը որով եւ պիտի կարելիանայ սահմանացման գործողութիւնը,  ամէն սահմանազերծումի եւ սահմանագծումի խորթ ինչ որ վայր մը՝ ֆիզիքապէս անհասանելի:
Մարք Օժէ (Marc Augռ) կարդացած ես. երբ հաւաքական բանականութիւնը (General Intellect) «թեթեւցած» էր յետարդիականութեան այն ժամանակ համոզիչ, ամէն պարագայի գրաւիչ, մտածողութեան մէջ: Հիմա, ChatGPT կը տեղեկացնէ, թէ ֆրանսացի մարդաբանը հեղինակն է ոչ-վայր յղացքին եւ պաստառին վրայ բառացի կը բացատրէ. «In his book «Non-Places: Introduction to an Anthropology of Supermodernity,» Auge defines «non-lieu» as a space that is neutral and lacks individuality, such as airports, highways, or shopping malls. He argues that these spaces are not meaningful in themselves and are only experienced as a means to an end, unlike places which are experienced as an end in themselves and have a cultural and historical significance. According to Auge, non-lieu represents a shift in our relationship to space in the age of globalization and technological advancement.»
Օժէ չհասցուց յայտնաբերել ոչ-վայրի վախճանա-, կամ թերեւս ծննդա-, վայրը, ուր Արհեստական Բանականութիւնը գիտէ իր մասին, եւ քու, եւ անոր, եւ միւսին… մէկ խօսքով՝ հաւաքական մի ոմներու, Ոչ Ոքերու որոնք ոչ մէկ Կիկլոպի ծիծաղը կը շարժեն այլեւս, որովհետեւ ԻՐական են ինչպէս ոչինչամէնինչ: Փաստօրէն, համավարակի միեւնոյնշաբթիներուն Օժէի ոչ-վայրերը՝ օդանաւակայան, փապուղի, առեւտրակեդրոն… ամայացան, եւ միակ ԻՐականը մնաց վիրտուալ գոյութիւնը:
Նոյնն է հիմա յետ-համավարակեան միեւնոյնշաբթիներուն, որովհետեւ այն ժամանակ արտասովոր թուող կացութիւնը արդէն տեսաբանուած է, հակառակ անոր որ նոր նորմալին մէջ ԻՐերը, ներառեալ մարդԻՐարածները, պիտի չկարենան ընկալել, կամ ժխտել, նորմալին նորութիւնը:
Պիունկ-Չուլ Հանի Ոչ-Իրեր (Byung-Chul Han, No-cosas. Quiebras del mundo de hoy. Buenos Aires: Taurus, 2021) փորձագրութիւնը իրերու ժամանակաշրջանէն ոչ-իրերու ժամանակաշրջանի անցումին մասին է: Փորձագրութեան կեդրոնական գաղափարը Չուլ Հան կը բանաձեւէ այսպէս. «Իրերը չեն, այլ տեղեկութիւնը որ կ’որոշէ աշխարհը՝ ուր կ’ապրինք»:
Պղատոնին համար իրականը գաղափարներն էին, իսկ նիւթական իրերը՝ անոնց արտացոլումը: Մարքսէն առաջ Ֆեօրպախն է որ Պղատոնը իր ոտքերուն վրայ դրաւ. ամէն ինչ որ գաղափար է, ըսաւ, նիւթական իրականութեան մը արտացոլումն է պարզապէս: Չուլ Հանի համար իրերը պատուած են տեղեկութեամբ որ հասանելի է որպէս ոչ-վայրային երեւոյթ -ճիշդ է, առայժմ անհրաժեշտ է իրերու տեղեկութեան հասանելիութեան միջնորդող ինչ որ նիւթական սարք, բայց այն ալ իր նուազագոյն նիւթեղէնութեան պիտի հասցուի շուտով:
Չուլ Հանի փորձագրութեան ընթերցումը յայտնաբերեց բացառիկ առիթը ոչ-իրեր յղացքը թարգմանաբանաձեւելու որպէս ոչ-իր / ոչ իրական / անիրական: Եւ եթէ չկան ԻՐ(ականութիւն), կան միայն անոր մասին տուեալներ, որոնք բազմաթիւ են այնքան որ յիշողութիւնը, ԻՐական, կը պղտորեն, ճշմարտութեան փնտռտուքը այդ տուեալներով պատում մը, որպէս նոր-ԻՐ, ոչ-ԻՐ, կամ պարզապէս նորարուած տուեալ սարքել է: Այդպիսով թերեւս հասկնանք Սփիւռքի անԻՐականութիւնը որպէս «Անջրպետի մը գրաւումը»:
Եւ երբ հասկնաս որ ոչինչ կրնաս ընել այն միւսին համար որ կարծեցիր որ դուն ես, բայց միայն տուեալներ էին քու մասիդ որպէս ոչ-ԻՐ(ականութիւն), այն ատեն միայն կրնաս մոռնալ «մարդատեաց հոգիդ» եւ բառանալ պաստառին վրայ, ուր գոյութիւնդ կը թուայնանայ որպէս ոչ-քերթուած,  մինչեւ որ կորսուի Սեւ Խոռոչի մը անյայտին մէջ, ուր մշտնջենանայ որպէս չգոյի պատում:
«Հետեւաբար ի՞նչ ընել. զրկուի՞լ գեղեցիկ ոչ-ԻՐերու վայելքէն, թէ՞ կառչիլ անոնց», գրեցիր այն ոչ-վայրին մէջ:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան