Անձիս համար անակնկալ մը չեղաւ մահուան գոյժը, որ հաղորդուեցաւ  Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն՝ յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին ու միաբանութեան, որուն երիցագոյն անդամներէն էր  հոգելոյս սրբազանը: Գոյժէն քանի մը օր առաջ, պարբերական մեր հեռախօսային զրոյցներէն վերջինին՝ ըսած էր.  «ուժաքամ եմ Միհրան, անկողինէս ելլելու ի վիճակի չեմ, յատկապէս վերջին օրերուն սուր ցաւերու մէջ կը տառապիմ, այլեւս ցաւազերծող դեղերն ալ ոչ մէկ օգուտ ունին: Լեարդի «քանսէր», որմէ տառապեցան (անուններ տալով) ուրիշ միաբաններ ալ…» : Եւ թեթեւ խնդուք մը՝  կատակ ընելու փորձով աւելցուց. «գիտեմ, որ այսօր, վաղը կամ միւս օր իրիկուն մը պիտի քնանամ (եթէ կարենամ) ու առտուն չարթննամ: Գիտես դուն, ասկէ առաջ ալ, առողջ եղած օրերուս  ըսած եմ քեզի, պատրաստ եմ. հիմա՝ մէկ աւելի…»:

Բողոքի նուազագոյն նշոյլն իսկ չկար իր ձայնին մէջ:  Համակերպած կը թուէր իր ճակատագրին եւ հոգեպէս պատրաստ՝ մահուան անխուսափելի կանչին:   Այդպէս համակերպող  եղած է իր պատանեկութեան ալ: Կը պատահէր, որ  իրեն դասակիցներս  բողոքէինք մանր խնդիրներու համար, այս կամ  այն դասատուի վարուելակերպին, տեսուչի կարգ մը որոշումներուն, դպրեվանքի խստապահանջ ժամանակացոյցին, առտու կանուխ արթննալու եւայլնի դէմ, իսկ ինք այն քիչերէն էր, որոնք անբողոք կը համակերպէին կացութեան: Սակայն դասակիցներու հաւաքական պահաջքին մէջ ան ոչ միայն մասնակից , այլեւ  անզիջող էր ու անտեղիտալի, որքան ալ հետեւանքները ծանր  թուէին …:

Ժառանգաւորացէն վկայուելէ ետք մեր ճանապարհները բաժնուեցան: Ինք ընտրեց կուսակրօնութիւնը՝ հաւատքով ու ներքին կոչումով, իսկ համակերպելու նկարագրային գիծը մնաց նոյնը՝ եկեղեցական աստիճանակարգի բոլոր սանդխամատերուն՝ աբեղայութենէն արքեպիսկոպոսութիւն, հոգեւոր հովիւի ծառայութեան մէջ թէ առաջնորդական պաշտօնի վրայ…: Համակերպեցաւ իրեն համար կատարուած բոլոր կարգադրութիւններուն եւ անբողոք պատրաստ եղաւ ընդառաջելու ամէն տեսակ պարտականութեանց կանչին՝ ուրկէ որ լսուեցաւ այդ կանչը՝ Պէյրութ, Ջուղա (Պարսկաստան), Ֆրանսա, Արաբական Ծոցի անապատային երկիրներ, Ամերիկա, ապա կրկին Պէյրութ ու Ամերիկա եւայլն:

Հոգելոյս սրբազանին կեանքի ելեւէջներուն եւ ծառայութեան փուլերուն  չեմ տիրապետեր, որպէսզի  ըստ պատշաճի կարենամ  անդրադառնալ անոր վաստակին: Կ’ենթադրեմ, թէ պիտի գտնուին աւելի իրազեկ անձեր ու միաբաններ, որոնք   երախտաւոր երեց միաբանին ծառայութեանց ցուցակը, եկեղեցականի կենցաղն ու վարքը արժանաւորապէս պիտի ներկայացնեն:

Իմ այս կարճ անդրադարձս փորձ մըն է՝ քանի մը վկայութիւններով ուրուագծելու դիմաստուերը հոգելոյս սրբազանին, որ իր անվիճելի դրոշմը դրաւ Գալիֆորնիոյ կիլիկեան թեմի կազմութեան, հաստատման  ու եկեղեցաշինութեան արշաւին մէջ:

Գալիֆորնիան շուրջ 70-ական  թուականներուն էր, որ դադրեցաւ Նիու Եորքի Անթիլիասական առաջնորդարանին ենթակայ ըլլալէն եւ անջատ ու ինքուրոյն թեմի վերածուեցաւ, որուն առաջին առաջնորդը  եղած է Սմբատ Լափաճեան սրբազանը եւ ուր իբրեւ հոգեւոր հովիւ կը ծառայէր Եփրեմ վարդապետ:       Առաջնորդի աթոռին վրայ երիտասարդ ու աշխոյժ եկեղեցական մը ունենալու համար նոր ընտրութեամբ մը առաջին առաջնորդին յաջորդեց հոգելոյսը՝ Եփրեմ սրբազանը :(Կարծեմ այն ատեն տակաւին վարդապետ) : Հասկնալի է, որ նորակազմ թեմը եւ առաջնորդարանը կը կարօտէին մեծ ջանքերու՝ նստավայր հաստատելու, թեմը կազմակերպելու եւ զայն եկեղեցիներով օժտելու համար: Նկատի առնենք նաեւ, որ այդ տարիներուն Գալիֆորնիոյ հայագաղութը տնտեսական տեսակէտէ շատ հեռու էր  այսօրուան լայն հնարաւորութիւններէն, ինչ որ ենթադրել կու տայ բազմապատկուած ճիգ՝ ձեռնարկուած աշխատանքները արդիւնաւոր հունի մէջ դնելու համար …:

Եփրեմ սրբազանի առաջնորդութեան շրջանը զուգադիպեցաւ հայոց ցեղասպանութեան ու հայ դատի դէմ բարձրացուած լռութեան պատը քանդելու ի խնդիր շղթայազերծուած ընդյատակեայ ուժական պայքարին: Հոգելոյսը առաջի’նը եղաւ, որ առաջնորդի հանգամանքով եւ ստորագրութեամբ հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը՝ իր նեցուկը բարձրաձայնելով այդ պայքարին: Օրին, մամուլին տրուած գրութեամբ մը գովաբանած էի իր այդ  կեցուածքը, ակնկալելով  որ միւսներն ալ իբրեւ քաջ հովիւներ կը հետեւին առաջնորդ Եփրեմ արք.ին օրինակին:

Բնաւորութեամբ շէն էր ու մթնոլորտը շէնցնող, հաճելի զրուցակից մը, զուարթախօս, պարզակեաց ու հաղորդական: Կեանքի փորձով օժտուած եւ շրջապատի համակրանքին արժանացած բարձրաստիճան եկեղեցական մը:

Աւելի ուշ, Արամ Ա. կաթղ.ի կոչին ընդառաջելով վերադարձաւ Անթիլիասի մայրավանք եւ ստանձնեց թանգարանի տնօրէնութիւնը: Որքան գիտեմ, գէթ մինչ այդ , ովկիանոսէն անդին գացող բարձրաստիճան եկեղեցականներուն մէջ միա’կը,  որ յօժարակամ վերադարձաւ մայրավանք եւ եօթը տարի մնաց վանքին մէջ, ջանասիրութեամբ վարեց իրեն վստահուած պաշտօնը, թանգարանը ճոխացուց, բարեզարդեց եւ զայն հասցուց պատուաբեր մակարդակի  :   Սիսի աթոռէն փրկուած թանգարանային այդ մասունքները, իբրեւ անխօս վկաներ, մեծ խնամքով փոխադրուեցան Գերմանիա, ապա նաեւ Աթէնք եւ վեհափառին հովանաւորութեամբ ու երկրի քաղաքական, ակաթեմական, եկեղեցական ու գործարար անձնաւորութեանց, ինչպէս նաեւ հայ եւ տեղացի բազմութեան մը ներկայութեան բացման պաշտօնական արարողութիւններէն ետք   շաբաթներով ցուցադրուեցան տեղի հանրածանօթ թանգարաններու մէջ:

Եօթը տարուան այդ ժամանակաշրջանին , զուգահեռ նուիրուածութեամբ մը ձեռնամուխ եղաւ  հսկայ աշխատանքի մը՝ գրաբարէն աշխարհաբարի վերածելով շարակնոցը: Եզակի աշխատասիրութիւն մը,մեծածաւալ գիրքի տեսքով հրատարակութիւն ՝ «ՇԱՐԱԿԱՆ» անունով, որուն ա. տպագրութիւնը կաթղ.արանի տպարանէն, իսկ բ. Տպագրութիւնը՝ Ամերիկա:

Հոգելոյս սրբազանին հետ վերջին հանդիպումս չորս տարի առաջ էր, Պէյրութ, ուր եկած էր ան Պօղոս Շահմելիքեանի գրքի  շնորհահանդէսին ներկայ ըլլալու: Արդէն իր թելադրանքով ու քաջալերանքովն էր, որ հեղինակը մամուլի մէջ լոյս տեսած  յօդուածները հատորի մը մէջ մէկտեղէ : Իր  բարեխօսութեամբն էր նաեւ, որ վեհափառը արտօնէ  գրքին անվճար տպագրութիւնը՝   մայրավանքի տպարանին մէջ:

Պէյրութի այդ օրերուն,, երկուքով դէմ-դիմաց՝ դպրեվանքեան հին յուշեր կը պեղէինք: Հոգելոյս սրբազանը պահ մը լրջանալով,  ըսաւ. «Գիտես, այսքան տարիներ ետքն ալ, ամէն  անգամ, որ Պէյրութ կու գամ ու ոտքս մայրավանքի դարպասէն ներս կը դնեմ, կը վերանորոգուիմ, նոր կեանք կու գայ վրաս, հարազատ տունս վերագտած ըլլալու հոգեբանութեամբ կ’ոգեւորուիմ,  մանաւանդ երբ կը շրջապատուիմ յարգալիր, խոստմնալից ու երիտասարդ աբեղայ-վարդապետներով , որոնք սքանչելի տղաք են եւ յոյս կը ներշնչեն:  Կ’ուզեմ հոս մնալ, վանքիս մէջ, չվերադառնալ Ամերիկա, ուր հակառակ ունեցած բազմաթիւ բարեկամներուս եւ հոգատար լայն շրջանակիս,  մինակ կը զգամ, մինակ: Սակայն պարագաներ կան, որոնք կը ստիպեն, որ վերադառնամ» : Ապա, զգալով, որ պահը կը լրջանայ, կատակով աւելցուց. »երբեմն կը կարծենք  որ դեռ պատանի ենք,բայց իրականութիւնը ըսենք,  տարիքնիս  հասած է տեղ մը, որ բժշկական խնամք կը պահանջէ…»:

Ամերիկայի բժիշկներն ալ անզօր են եղեր անիծեալ հիւանդութիւնդ բուժելու, սիրելի’ սրբազան :  Սուրբ գրոց մէջ կարդացած եմ  տող մը, որուն իմաստը կը պատշաճի պահին եւ կը յատկանշէ  կեանքդ ու վաստակդ: Որքան կը յիշեմ այդ տողը կ’ըսէր.

«Կեանքի պատերազմը արդարութեամբ պատերազմեցայ, արդ ինծի իրաւունք է յաւիտենական հանգիստը…»:

Հանգչէ’  խաղաղ՝ յաւիտենական նինջիդ մէջ, սիրելի’  սրբազան: Անցաւոր կեանքիդ ընթացքին ինչպէս սովոր էիր, հոն, վերն ալ գիտեմ պիտի բարեխօսես, որ պահպանուին եւ իրենց պայքարունակութիւնը չկորսնցնեն  Հայաստանն ու  հայ ազգը, որոնք  ջերմեռանդ հաւատքով կը փառաբանեն զԱստուած աւելի քան 1700 տարիներէ ի վեր եւ յաճախ մարտիրոսներ կու տան  Անոր փառքին համար:  Հոս՝ բարեխօսութիւններդ միշտ տեղ կը բռնէին, վերն ալ, ով գիտէ , թերեւս…:

Պարագաները այնպէս են, որ վերջին օծումիդ պիտի չկարենամ ներկայ ըլլալ: որով, այս տողերը իբրեւ վերջին «երթաս բարով» մը՝ սիրելի’ սրբազան:

Քու մեկնումովդ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կորսնցուց հաւատարիմ,  ծառայասէր ու շէն միաբան մը, իսկ ես՝ անոյշ ընկեր մը:

Յիշատակդ անթառամ…:

Միհրան Քիւրտօղլեան

Աթէնք, 29 Յունուար 2023