Երբ կը խօսուի բացուելու մասին, հարցը ինծի համար կը ներկայանայ զոյգ երեսներով` ճանչնալ եւ ճանչցուիլ:

Այս ընկերական զրոյցը բնականաբար նկատի պիտի առնէ ճանչնալու եւ ճանչցուելու հաւաքական ոլորտը, ինչ որ, սակայն, զանց չ՛առներ նաեւ անհատական ոլորտը, որ, ուզենք կամ չուզենք, իր դերը կը խաղայ հաւաքական ճիգին մէջ ալ: Բայց այդ արդէն կրնայ ուրիշ մտորումներու նիւթ դառնալ:

Նաեւ, բնականաբար, պիտի խօսուի հայութեան մասին, թէեւ ըսուելիքները կրնան ընդհանրացուիլ բոլոր ազգութիւններու պարագային, իսկ փոխադարձ ճիգերն ալ իրենց երկկողմանի ազդեցութիւնը կ՛ունենան մէկը միւսին վրայ:

Նպատակս է, սակայն, կեդրոնանալ մեր վրայ ու փորձել ներկայացնել ճանչնալու եւ ճանչցուելու մեր դաշտերը, մեր սահմանափակութիւններն ու մեր կարելիութիւնները:

Ճանչնա՛լ: Սկսելով, ի հարկէ, մենք զմեզ ճանչնալով:

Այդ «մենք»-ը կրնայ ըլլալ ամէնէն փոքր միաւորէն մինչեւ ամէնէն մեծ միաւորը: Առնենք, օրինակի համար, որեւէ վարժարան, որ կը գործէ համայնքի մը մէջ: Առաջին հերթին ան նախ լաւ պիտի սերտէ իր ունեցած ուժերը, գիտնայ իր ներուժը, բացայայտէ իր թերութիւնները, քննարկէ զանոնք սրբագրելու

միջոցները, գիտակցի իր առաւելութիւններուն եւ ծրագրէ անոնց զարգացումը: Սա ներքին ճանաչումն է, ինքզինքի՛ն վրայ բացուիլն է, նաեւ` ճանչցուելու նախապայմանը:

Կայ, սակայն, անոր յաջորդ փուլը` դիմացինին բացուիլը: Իսկ ո՞վ է այդ դիմացինը: Ահա այստեղ կան տարբեր նկատառումներ կամ հասկացողութիւններ` ներքին եւ արտաքին: Ներքինը կրնայ ուրիշ հայկական վարժարան մը ըլլալ նոյն համայնքին մէջ: Անո՛ր բացուելու, զայն ճանչնալու, անո՛ր կողմէ ճանչցուելու պարագաներով: Իսկ այդ կը նշանակէ փոխադարձ յարաբերութիւններ, երթալ-գալեր, միացեալ նախաձեռնութիւններ եւ մասամբ նորին:

Ներքինը, եթէ ուզենք քիչ մը աւելի ընդլայնել, կրնանք նկատի առնել հայկական վարժարանի մը հետ յարաբերութիւնը տարբեր համայնքի մը մէջ, տարբեր գաղութի մը մէջ:

Իսկ ի՞նչ ըսել կ՛ուզուի «արտաքին» բառով: Այդ կրնայ ըլլալ ոչ հայկական վարժարան մը, որ կը գործէ նոյն շրջապատին` թաղին, թաղամասին կամ քաղաքին մէջ: Արդէն դուրս եկանք մեր նեղ սահմաններէն: Իսկ նման յարաբերութիւն ստեղծելով, զիրար ճանչնալու այդ ճիգով նաեւ քաղաքական ոլորտ մը բացած կ՛ըլլանք մեր առջեւ, Հայ դատի աշխատանքի մը լծուած` մեր հայութիւնը, հայկականութիւնը ճանչցնելու տեսակէտէն, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն:

Բայց վարժարան մը կրնայ չսահմանափակուիլ միայն այլ վարժարանի մը բացուելով: Ան կրնայ այդ փոխադարձ ճանաչումի ճիգերը տարածել այլ հաստատութիւններու` հիւանդանոցներու, ծերանոցներու, մանկատուներու, նոյնիսկ` քաղաքապետութիւններու, նահանգապետութիւններու կամ պետական աւելի բարձր մակարդակներու հաստատութիւններու հետ: Ինչո՞ւ ոչ, նաեւ` թանգարաններու, լրատուամիջոցներու հետ եւ այլն: Եւ` մէկ քաղաքէն միւսը, մէկ երկրէն ալ միւսը: Նաեւ ու մանաւանդ` սփիւռքի ու հայրենիքի միջեւ: Սահման չկայ:

Վարժարանը օրինակ մըն է, որ նշուեցաւ: Բացուելու տեւաբար ընդլայնելի նոյն այդ ցանցը կրնայ ստեղծուիլ ու տարածուիլ հայկական կեդրոններու, եկեղեցիներու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու, մանաւանդ մամուլի միաւորներու միջեւ եւ անո՛նց ճամբով: Դարձեալ չկայ սահման:

Բացուիլը միայն այս չէ սակայն: Փոխադարձ յարաբերութիւններու ճամբով զիրար ճանչնալը հարցին աւելի դիւրին իրականանալի կողմն է: Եւ կ՛ենթադրեմ, որ առաւել կամ նուազ չափով նման ճիգեր կը գործադրուին կազմակերպ համայնքներու մէջ ու միջեւ: Այդ ճիգերը կրնան բազմանալ, բարելաւուիլ, աւելի արդիւնաւէտ դառնալ: Այո՛:

Աւելի դժուարը բացուիլն է ոչ թէ ֆիզիքական, այլ բարոյակա՛ն առումով: Եւ այդ` աշխարհի՛ն բացուելու տեսլականով:

Այսի՞նքն: Բացուիլ գիտական ու գիտարուեստական կամ արհեստագիտական աշխարհին, ճանչնալ զայն ու ճանչցնել ինքզինք: Այսինքն` գտնուիլ ա՛յդ մակարդակին վրայ, առնել ու տալ: Մանաւանդ` տալի՛ք ունենալ:

Բացուիլ մշակութային աշխարհին` գրականութեան, արուեստներու, մարզաձեւերու, արդի մարդկութիւնը ներգրաւող այլազան ոլորտներուն վրայ, միշտ յիշելով, որ ճանչցուելու համար ճանչցուելիք պիտի ըլլաս, ճանչցնելիք պիտի ունենաս:

Վերջապէս, բացուիլ գաղափարներու աշխարհին վրայ, մասնակից ըլլալ մարդկութեան գաղափարական զարգացման, տալ եւ առնել նաեւ այս իմաստով: Մա՛նաւանդ` այս իմաստով:

Եւ ճիշդ այստեղ է ահա, որ ի յայտ կու գան անհատական ու հաւաքական ճիգերու

միաձուլումը, այդ միաձուլման կենսականութիւնը: Որովհետեւ եթէ չենք բացուած անհատապէս, իւրաքանչիւրս չէ բացուած, ապա մեզմէ բաղկացած հաւաքականութիւնը ինքն ալ չի կրնար բացուիլ: Եւ հակառակը, եթէ հաւաքականութիւնը պատրաստ չէ բացուելու, պատրաստ չէ իր բաղկացուցիչ տարրերը` իր ազգայինները, իր քաղաքացիները մղելու, որ բացուին, ապա չենք կրնար դուրս գալ մեր խոզակէն:

Բացուիլ կարենալու համար, սակայն, պէտք է ձերբազատիլ շատ կաշկանդումներէ, նախապաշարումներէ, «աւանդութիւններէ», մանաւանդ` վստահութեան պակասէն, ըլլայ մենք մեր հանդէպ, ըլլայ դիմացինին հանդէպ:

Բացուիլ, սակայն, չի նշանակեր ինքնութիւնը կորսնցնել, չի նշանակեր դառնալ անդէմ ու անդիմագիծ, ըլլալ պարզապէս ուրիշին պատճէնը: Կը նշանակէ սեփական դէմքը ա՛լ աւելի ամրակայել` հպարտութեամբ մաս կազմելու համար յառաջադէմ մարդկութեան:

«Դրօշակ» – Յունուար 2023

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Փետրուար 3, 2023