ՍԱՆԱ- Սուրիա Երկուշաբթի օր կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն, քարտուղարութեան, կազմակերպութեան գործակալութիւններուն, ֆոնտերուն, Կարմիր Խաչ Միջազգային Կազմակերպութեան եւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու օգնութեան ձեռք մեկնելու եւ զօրակցելու Սուրիոյ պետութեան՝ երկրաշարժի հետեւանքներու փարատման ճիգերուն եւ փլատակներու տակէն զոհերու դուրսբերման աշխատանքին, իր շնորհակալութիւնը յայտնելով բոլոր այն երկիրներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին նեցուկ կանգնիլ Սուրիոյ՝ տագնապալի այս օրերուն։