Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը երէկ ուշ գիշերին յայտարարեց, որ երկրաշարժի զոհերուն թիւը մինչեւ 6 Փետրուարի երեկոյեան հասած է 764-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 1448-ի՝ Լաթաքիոյ, Հալէպի, Համայի եւ Թարթուսի մէջ։
Առողջապահութեան նախարարը յայտնեց, որ 4 բեռնատար մեքենաներով մեծաքանակ դեղորայք, վիրաբուժական եւ առաջին օգնութեան սարքեր, ինչպէս նաեւ բժիշկներ ուղարկուած են Հալէպ եւ Լաթաքիա։ Դամասկոսէն եւ անոր արուարձաններէն, Քունէյթրայէն, Թարթուսէն եւ Հոմսէն շտապ օգնութեան մեքենաներ եւ շարժական բուժկեդրոններ ուղարկուած են Լաթաքիա եւ Հալէպ։