Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլ Ֆաթթահ աս-Սիսի հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժի զոհերուն համար։
Նախագահ Սիսի Եգիպտոսի պատրաստակամութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն առաքելու։