Օմանի Սուլթան Հայսամ պըն Թարէք պըն Թայմուր ալ-Սաաիտ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ Օմանի Սուլթանութեան խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին, Սուրիան ցնցած երկրաշարժի զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։
Սուլթանը իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ Հանրապետութեան եւ հաստատեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի ղրկէ Սուրիոյ ժողովուրդին։