Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ իր եւ հայաստանի ժողովուրդի խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժի զոհերուն համար։

Փաշինեան Հայաստանի զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ երկրին պատրաստակամութիւնը՝ փրկարարներու խմբակ մը առաքելու Սուրիա։

Իր կարգին նախագահ Ասատ շնորհակալութիւն յայտնեց Փաշինեանին՝ Սուրիոյ հանդէպ Հայաստանի աջակից կեցուածքին համար, ինչ որ կ՚ար­տա­յայ­տէ երկու երկիրներու սերտ յարաբերութիւնը։