Հալէպի Նահանգապետարանը յայտարարեց, որ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս Հալէպ ժամանեց՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն վնասուած շրջանները այցելելու, փլատակներու տակէն զոհերը դուրս բերելու գործողութիւններուն հետեւելու, ապաստաններուն եւ հիւանդանոցներուն մէջ ժողովուրդին իրավիճակն ու կարիքները ստուգելու համար։