Սուրիոյ երկրաշարժին հետեւանքով աղէտահար դարձած սուրիահայութեան շտապ կարիքները ապահովելու նպատակով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութիւնը կեդրոնական մարմին մը յառաջացուց՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմին անունով:
Յառաջացած մարմինը, Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, իր անդրանիկ նիստը գումարեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, որուն կ’ընկերակցէին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան եւ Յարաբերական Մարմինի անդամ Վրէժ Եագուպեան:
Սրբազան Հայրը աղօթքով եւ իր օրհնութիւնը փոխանցելով բացումը կատարեց նիստին եւ իմաստութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց յառաջացած մարմինի անդամներուն:

Յարաբերական Մարմինի անդամ Վրէժ Եագուպեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ մարմինը պիտի գործէ գլխաւորութեամբ Յարութ Հայրապետեանի եւ խնդրեց, որ թափանցիկ եւ բծախնդիր ընթացք ունենայ մարմինին գործունէութիւնը:

Մարմինին մաս կը կազմեն Ազգ. Վարչութեան երկու ներկայացուցիչներ, թեմի Տնտեսական Խորհուրդի, Կալուածոց Հոգաբարձութեան եւ ՍՕ Խաչի ներկայացուցիչներ:

Արդէն իսկ երկրաչափական յանձնախումբ մը յառաջացած է, որ կը գործակցի Հալէպի երկրաչափական սենտիքայի մասնագէտ երկրաչափներու հետ: Յանձնախումբը կ’այցելէ վնասուած բնակարանները եւ արժեւորումներ կը կատարէ: Մինչ օրս յանձնախումբը այցելած է ազգային կալուածներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, ազգային շէնքեր եւ համապատասխան վնասներու արժեւորումներ կատարած է: Մինչ օրս յաձնախումբին կատարուած է 375 դիմում, որոնցմէ 200 դիմումի ի պատասխան յանձնախումբը այցելած է բնակարաններ եւ արժեւորած է անոնց վնասները:

Կոչ կ’ուղղենք բոլոր հայորդիներուն, որոնց բնակարանները երկրաշարժին հետեւանքով վնասի ենթարկուած են դիմելու յանձնախումբի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս գտնուող գրասենեակը, իրենց հետ ունենալով փաստաթուղթեր:

Վնասները սերտելէ ետք, յաջորդ հանգրուանով բոլոր սերտուած բնակարանները համապատասխան շինարարական աշխատանքի պիտի ենթարկուին: