Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2023-ին, միջօրէի ժամը 12:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճէն ներս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան ընդունեց Ռուսիայէն ժամանած «Համաշխարհային Քրիստոնէական Միութեան» պատասխանատուները, որոնք մարդասիրական օժանդակութեան նպատակով եկած էին Հալէպ եւ կարգ մը կեդրոններու իրենց զօրակցութեան կողքին նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւն մատուցելու: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան եւ Թեմի Յարաբերական Մարմինի անդամը:

Միութեան պատասխանատուն իր սրտի խօսքը արտասանեց, շնորհակալութիւն յայտնելով Սրբազան Հօր՝ իր ջերմ ընդունելութեան համար եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իրենց կատարած աշխատանքներն ու ծառայութիւնները:

Մակար Սրբազան բարի գալուստ մաղթեց օժանդակութիւն բերող խումբին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկէն ներս եւ մեծապէս գնահատեց միութեան կատարած յոյժ կարեւոր ծառայութիւնը, յատկապէս ներկայ պայմաններուն եւ աղէտալի իրավիճակներու մէջ գտնուող տառապեալներուն, յայտնելով, որ այս ծառայութիւնը ո՛չ միայն բարիք է, այլեւ՝ օրհնութիւն, զօրակցութիւն, քաջալերանք եւ գօտեպնդում, զայն որակելով գործնական մարմնաւորումը աստուածասիրութեան եւ մարդասիրութեան:

Այս առիթով, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց նաեւ Դամասկոսէն Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի զօրակցական այցելութիւնը, որ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի տարածքին երկրաշարժին հետեւանքով յառաջացած աղէտին եւ կորուստներուն համար: