Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հալէպ կատարած իր հովուապետական զօրակցական այցելութեան շրջագիծին մէջ, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ի միջօրէին, իր շքախումբով այցելեց նախ երկրաշարժին հետեւանքով նիւթական վնասներ կրած Կիլիկեան Ճեմարան եւ մօտէն ծանօթացաւ տեղւոյն վնասներուն։
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ճիշդ է, որ այս ցաւալի, մտահոգիչ պայմաններուն մէջ կը հանդիպինք, սակայն կ’ուզեմ հաստատել, որ հալէպահայութիւնը կանգուն է եւ վճռած է շարունակել վերականգնումի իր հաւաքական աշխատանքը։ Անցնող տարիներուն դժուարութիւններ ունեցանք։ Այսօր տագնապը տարբեր է, սակայն բոլոր տագնապներուն դիմաց պէտք է ունենանք հաւատք, յոյս եւ միասնական աշխատանք»։

Աւելցնելով, ան ըսաւ. «Հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը կը կազմաւորուի։ Մարդակերտումը եւ հայակերտումը հայ դպրոցին դրօշը կը կազմեն։ Այս դրօշին ներքեւ հսկայ աշխատանք կը կատարուի հայ դպրոցէն ներս։ Վստահ եմ, որ նոյն նախանձախնդրութեամբ ու նոյն նուիրումով այս դպրոցէն ներս ալ նման աշխատանքը կը տարուի»։
Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Կիլիկեան Ճեմարանի տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմը, խնամակալութիւնը եւ բոլոր ծնողները, մաղթելով, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, միասնաբար շարունակեն կրթութեան եւ դաստիարակութեան նուիրեալ աշխատանքը։

Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան որոնողափրկարարական խումբին գործուղուած «Շաար» թաղամասը, ուր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը սգերգ նուագեց։ Վեհափառը ծանօթացաւ տարուած փրկարարական աշխատանքին, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը այցելեց Ազիզիէ թաղամասէն ներս փուլ եկած շէնքը, ուր հայ ընտանիքը կը բնակէր։ Վեհափառ Հայրապետը հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց երկրաշարժին զոհուած հայ ընտանիքի երկու անդամներու հոգիներուն խաղաղութեան համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։
ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին սգերգով այցելութիւնները վերջ գտան։