Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ պատկերասփռուած ճառ մը արտասանեց՝ օրեր առաջ Սուրիան ցնցած երկրաշարժին առիթով։
Ստորեւ կը ներկայացնենք նախագահ Ասատին արտասանած ճառին ամփոփումը։

«Հայրենիքը մեր տունն է, զայն պաշտպանելը բոլորիս պարտքն է, նոյնիսկ մեր ներկայ համեստ կարելիութիւններով։
Սուրիոյ ժողովուրդին միասնութիւնն ու հայրենասիրութիւնը նոր երեւոյթներ չէին։ Մենք զանոնք շօշափեցինք պատերազմի տարիներուն, սակայն ներկայիս պատկերը աւելի ամբողջական եւ հարազատ է։
Կ՚ենթադրուէր, որ պատերազմը մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու մեր կարելիութիւները տկարացուցած ըլլար, սակայն Սուրիան ու անոր ժողովուրդը անգամ մը եւս փաստեցին իրենց կայունութիւնը եւ պահպանեցին իրենց բարոյական ըմբռնումներն ու մարդկայնութիւնը։
Սուրիան դարերէ ի վեր հեռու էր աւերիչ երկրաշարժի շրջածիրէն, այս պատճառով ալ շէնքերն ու ենթակառոյցները բնական աղէտներէ պատշպանուելու նկատառումներով չէին պատուած, սակայն սուրիացիները, կամաւոր ծառայողներն ու պետական հաստատութիւնները նուիրական աշխատանքով զիրար օգնեցին, փորձեցին շրջանցել մեզի պարտադրուած շրջափակումն ու աղէտեալ ժողովուրդին հասցնել օժանդակութիւններ։
Մեր դրացի եւ բարեկամ երկիրները եւս իրենց անսահման զօրակցութեամբ երկրաշարժէն տուժածներուն մարդասիրական օժանդակութիւն, կեանքեր փրկեցին։
Օգտուելով այլ երկիրներու փորձառութիւններէն, հաստատենք, որ մենք այս հանգրուանին ընկերային, ծառայողական եւ այլազան ոլորտներու մէջ երկխօսութեան, ծրագրաւորումի եւ սերտուած քայլեր առնելու խիստ կարիքը ունինք, նկատի առնելով շրջափակման դժուար պայմանները։

Երկէաշարժի հետեւանքներու յաղթահարումը դժուար կը թուի, հարցերը բազում են, սակայն անհրաժեշտ է նախ առաջնային խնդիրները լուծել, ըստայնմ մեր կարելիութիւններով յառաջ գնալ ու մեղմացնել երկրաշարժին հետեւանքները՝ սնունդի, դեղորայքի տագնապէն մինչեւ բնակարանային հարցեր։ Պիտի յառաջացնենք ֆոնտ մը նպաստելու տուժածներուն, նաեւ ժողովուրդի տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու համար օրէնքներ պիտի վերամշակենք։

Կառավարական մեր մարմինները մինչեւ օրս ջանք չեն խնայեր փլատակներու տակէն զոհեր դուրս բերելու աշխատանքներուն նպաստելու, երկրաշարժէն տուժածներուն ապաստան եւ տարբեր տեսակի օգնութիւններ ապահովելու։

Իւրաքանչիւր ընկերութիւն երբ բնական աղէտի ենթարկուի, իր կայունութիւնը մասամբ կը կորսնցնէ, հետեւաբար բացասական երեւոյթներ երեւան կու գան հարցերու լուծման եւ կառավարման մեքանիզմին մէջ։ Անհրաժեշտ է նման երեւոյթներու արմատական լուծումը, որպէսզի շօշափելի արդիւնքի հասնինք ու աշխատանքները նպատակային դառնան։

Երկրաշարժէն տուժածներուն օգտակար դարձող մարմինները մեղուի նման աշխատելով եւ անսահման զոհողութեամբ հոգիներ փրկեցին, անոնք մարդասիրութեան եւ հայրենասիրութեան օրինակ դարձան։
Սուրիոյ ժողովուրդի զաւակները իրենց տարբեր խաւերով, հակառակ նիւթական ծանր պայմաններուն, օգնութեան ձեռք երկարեցին իրարու եւ մարմնաւորեցին բարոյական արժէքներու եւ մարդասիրութեան ամենախորունկ իմաստը։ Չմոռնանք նաեւ բոլոր անոնք, որոնք լրատուամիջոցներու ճամբով մեր իսկական պատկերը ներկայացուցին ամբողջ աշխարհին, եւ այս ծանր պահը շահագործող կողմերուն ապատեղեկատուութիւն տարածելու առիթ չտուին։

Շնորհակալական խօսքեր չենք ուղղեր սուրիացիներուն, որոնք նիւթապէս կամ բարոյապէս զօրավիգ կանգնեցան Սուրիոյ, որովհետեւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը ազգային պարտք է, իսկ մենք հպարտ ենք իւրաքանչիւր հաւատարիմ քաղաքացիով։

Շնորհակալութիւն բոլոր այն երկիրներուն, արաբական թէ այլ, որոնք մարդասիրական օգնութիւններ ուղարկեցին եւ մեր կողքին կանգնեցան։ Շնորհակալութիւն յատկապէս Սուրիա ժամանած որոնողափրկարարական խմբակներուն, որոնք մինչեւ վերջին պահ աշխատեցան եւ սուրիացիներու կեանքեր փրկեցին, աղէտը շրջանցելու մեր կարելիութիւները ամրապնդեցին։

Սուրիացի մեր սիրելի՛ քաղաքացիներ, մենք բոլորս Աստուծոյ կը հաւատանք։ Կը հաւատանք նաեւ իր կամքին։ Աղէտալի երկրաշարժը եւս փորձառութիւն մըն է, որմէ առաջին հերթին սորվեցանք ձեռք ձեռքի տալով վստահիլ մեր կարողութիւններուն, մեր կամքին, մեր հայրենիքին եւ կառչելով մեր երկրին նեցուկ կանգնիլ իրարու։ Կը հաւատանք, որ Սուրիան պիտի շրջանցէ այս աղէտը։ Ամէնակալէն կը խնդրենք որ խաղաղութեան մէջ հանգչեցնէ երկրաշարժի զոհերուն հոգիները, շուտափոյթ ապաքինում շնորհէ վիրաւորներուն եւ համբերութիւն պարգեւէ տուժածներուն։