Այսօր յետմիջօրէին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Դամասկոս այցելութենէն ետք ժամանեց Հալէպ, երկրաշարժին հետեւանքով Հայաստանէն Սուրիոյ ժողովուրդին ուղարկուած շուրջ 40 թոն մարդասիրական օժանդակութեան 3֊րդ խմբաքանակի բեռնատար օդանաւով։

Հալէպի միջազգային օդակայանին մէջ նախարարը դիմաւորեց Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապը։

Նախարարը կարճ հանդիպում մը ունեցաւ Հալէպի նահանգապետին հետ օդակայանի պաշտօնական հիւրերու դահլիճէն ներս։

Այնուհետեւ նախարարը իր պատուիրակութեամբ այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան որոնողափրկարարական խումբի աշխատանքի վայր, Հալէպի «Շաար» թաղամաս, ուր իրազեկ դարձաւ երկրաշարժի յառաջացուցած աւերներուն, մարդկային աղէտին եւ կատարուած որոնողափրկարարական աշխատանքներուն։

Նախարարի այցելութեան վերջին կայանը ՀՀ Հալէպի մարդասիրական առաքելութեան կեդրոնն էր, ուր Միրզոյեան ծանօթացաւ խումբի աշխատանքին։

Նախարար Միրզոյեանին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեան, ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսական փոխանորդ, Հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան։