ՍԱՆԱ.- Այսօր միջօրէին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։

Նախագահ Ասատ շնորհակալութիւն յայտնեց երկրաշարժէն տուժածներուն համար Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան եւ որոնողափրկարարական խումբին համար, անդրադառնալով այն պատմական յարաբերութիւններուն, որոնք կը կապեն Սուրիան եւ աշխարհատարած հայ ժողովուրդը։
Նախագահը կարեւոր համարեց Հայաստան-Սուրիա գործակցութիւնը՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներու շահերուն, յատկապէս դիտել տալով, որ Սուրիահայերը կը հանդիսանան կենսական բաղադրիչը սուրիական ինքնութեան եւ ընկերային հիւսուածքին ու երկու երկիրներու յարաբերութեան զարգացման կամուրջը կը համարուին։

Նախագահը յայտնեց, որ աշխարհի ներկայ մարտահրաւէրներն ու փոփոխութիւնները դիմագրաւելու համար հարկ է հիմնել յարաբերութիւննեդու եւ, դաշնութիւններու ցանց մը այն երկիրներուն միջեւ, որոնք կը բաժնեն նոյն սկզբունքներն ու շահերը։

Իր կարգին նախարար Միրզոյեան նախագահ Ասատին վարչապետ Փաշինեանի եւ հայ ժողովուրդի ցաւակցութիւնները փոխանցեց երկրաշարժին առնչութեամբ, շեշտելով որ Հայաստան այս աղէտին ընթացքին աներկբայօրէն զօրավիգ պիտի կանգնի Սուրիոյ ժողովուրդին, որովհետեւ իր յիշողութեան մէջ թարմ կը պահէ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի օրերուն Սուրիոյ օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ապաստան տալը ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն, որոնք մինչեւ օրս կ՚ապրին այս երկրին մէջ որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ։

Նախարար Միրզոյեան անդրադարձաւ Հայաստան-Սուրիա ջերմ յարաբերութիւններուն, նշելով Սուրիոյ հետ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան զարգացման Հայաստանի նախանձախնդրութիւնը՝ մեկնելով երկու երկիրներու պատմական առնչուածութենէն։