ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանին ելոյթը ԵԱՀԿ մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան յանձնաժողովին մէջ.

Յարգելի գործընկերներ,

Խորապէս ցաւելով եւ յարգելով բոլոր հակամարտութիւններու զոհերը, ես, այնուամենայնիւ, պէտք է խօսիմ սեփական ժողովուրդի ցաւին եւ ողբերգութեան մասին, մարդասիրական եւ քաղաքական այն ծանր մարտահրաւէրներուն մասին, որոնց այսօր կը բախին Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը։

Ճիշդ այս պահուն, երբ մենք կը քննարկենք հակամարտութեան ժամանակ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները, Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները։

Որքան ալ մեր ատրպէյճանցի համախմբումը փորձէ մոլորեցնել բոլորդ՝ ըսելով, թէ Արցախի պաշարում չկայ, այնուամենայնիւ, երէկ Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Դատարանը պարտադրեց Ատրպէյճանը ապահովել Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը։

Կեանքի միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը, որ կը կապէ Ղարաբաղը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին, 12 Դեկտեմբեր 2022_էն ապօրինաբար փակուած է իրենց «բնապահպան» յայտարարած մարդոց կողմէ։ Ըստ էութեան, անոնք Ատրպէյճանի իշխանութիւններու գործակալներն են, իսկ այս վարքագիծով Ատրպէյճան կ’իրականացնէ ցեղային զտումներու իր քաղաքականութիւնը։ Այսպիսով Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ ժողովուրդը յայտնուած է պատանդի կարգավիճակի մէջ եւ շուրջ 120 հազար խաղաղ բնակիչներուն կեանքը սպառնալիքի տակ է։

Բնիկ հայկական շրջաններէն՝ Շուշիէն եւ Հադրութէն տեղահանուած տասնեակ հազարաւոր հայերու վերադարձը սեփական բնակավայրեր կը շարունակէ մնալ հարցականի տակ։

Ըստ պաշտօնական տուեալներու, 30 հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքացիական անձեր տակաւին անօրինաբար կը պահուին Ատրպէյճանի մէջ։

Վտանգուած են աւելի քան 1500 հայկական պատմամշակութային անշարժ յուշարձաններ։ Ատրպէյճան կը խոչընդոտէ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ ԻՒՈՒՆԵՍՔՕ-ի դիտորդական առաքելութեան այցելութիւնը տարածաշրջան, միաժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ «հայկական հետքերը» վերացնելու պետական քաղաքականութեան միջոցով Ատրպէյճան կ’ոչնչացնէ կամ կ’իւրացնէ հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը։

Յարգելի գործընկերներ, պարզ է, որ ուժի եւ յարձակումի ճամբով պարտադրուած խաղաղութիւնը չի կրնար պաշտպանել մարդու իրաւունքները, ապահովել կայունութիւն եւ խաղաղութիւն։

Ատրպէյճանի կողմէն վարուող ցեղասպան քաղաքականութիւնը կու գայ ապացուցելու, որ Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը այլընտրանք չունի։

Կոչ կ’ուղղեմ իմ գործընկերներուն՝ հաւատարիմ մնալու Հելսինքեան սկզբունքներուն, յանուն արդարութեան եւ լիիրաւ ժողովրդավարութեան տէր կանգնելու մեր ընդհանուր յայտարարուած եւրոպական արժէքներուն։

Հիմա եւ այստեղ պիտի գործէ ժամանակը։ Եկած է քաղաքական կամք դրսեւորելու, երկակի ձեւաչափերու քաղաքականութիւնը մերժելու ժամանակը․ ԵԱՀԿ-ի անդամ բոլոր երկիրները հաւասար արդիւնքներու պէտք է արժանանան։

Ես, իսկապէս, կը հաւատամ, որ սա է ԵԱՀԿ-ի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու ճամբան։

23.02.2023, Վիեննա