Թուրքիոյ մէջ 6 Փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժին վնաս կրած կառոյցներէն մէկը եղած է Հաթայ նահանգի Քըրքխան գաւառի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին։ Այդ մասին յայտնած է Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Պիանէթ» լրատուական կայքէջը։

Աղբիւրին համաձայն՝ 1830-ականներուն կառուցուած եւ 15 տարի անծուխ մնացած Քըրքխանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին վերջին անգամ վերանորոգուած էր 1977_ին եւ նախքան երկրաշարժը լքուած վիճակի մէջ կը գտնուէր։

Նշենք, որ ըստ «Ակօս» շաբաթաթերթին, Կոստանդնուպոլսսյ Հայոց պատրիարքարանին ենթակայ յիշեալ եկեղեցին 1998_ին բռնազաւթուած էր Թուրքիոյ Հիմնադրամներու ընդհանուր տնօրինութեան կողմէն։ Որպէս այդ գործողութեան «հիմնաւորում»՝ բերուած էր այն փաստարկը, թէ եկեղեցին այլեւս ծուխ չունի։ Այդ տարեթիւէն յետոյ սոյն եկեղեցին փաստօրէն գտնուած է լքուած վիճակի մէջ: