Սուրիոյ տեղական ինքնակառավարման եւ կենսոլորտի նախարար, մարդասիրական օգնութիւններու բարձրագոյն յանձնախումբի տնօրէն Հուսէյն Մախլուֆ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի եւ պատկան մարմիններուն հետ խորհրդակցեցաւ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութիւններ տրամադրելու միջոցներուն շուրջ, առաջին հերթին անոնց բնակարաններ եւ ապրուստի հիմնական կարիքները անմիջապէս ապահովելու մտադրութեամբ։