Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ այսօր ընդունեց Արաբական Խորհրդարանական Միութենէն պատուիրակութիւն մը, որ իր մասնակցութիւնը բերած էր Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած Միութեան խորհրդաժողովին։

Պատուիրակութիւնը ընդգրկեց միութեան նախագահ Մուհամմէտ Հալպուսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Յորդանանէն, Լիպիայէն, Պաղեստինէն եւ Եգիպտոսէն երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Օմանի եւ Լիբանանի պատուիրակութեանց նախագահներն ու միութեան ընդհանուր քարտուղարը։