Ռուբէն Վարդանեան Արցախի հանրային պատկեռասփիւռին տուած հարցազրոյցին ընթացքին պատասխանելով հաղորդավարին այն հարցումին, թէ որպէս պետական պաշտօն չստանձնած գործիչ, 112 օր Արցախի պետական նախարար աշխատելու փորձը իրեն ի՞նչ տուաւ, ըսած է. «Երբեք այս ժամանակահատուածին որպէս պետական ծառայողի տեսանկիւնէ չեմ նայած, որովհետեւ այնքան ալ սովորական ժամանակահատուած չէ եղած։ Ես Արցախ եկայ Օգոստոսի վերջաւորութեան եւ ըսի, որ պատերազմը չէ աւարտած, որ 9 Նոյեմբերին մենք նոյնիսկ հրադադար չենք ստորագրած, այլ պարզապէս զինուորական գործողութիւնները դադրած են, իսկ պատերազմը իրականութեան մէջ կը շարունակուի: Ես կը զգայի, որ պէտք է այստեղ ձեզի հետ ըլլամ:
Որպէս ողջ կեանքիս ընթացքին անձնական եւ բարեգործական ոլորտներու մէջ աշխատած մարդ, այս փորձառութիւնը ինծի համար բացառիկ էր, քանի որ շրջանը մարտահրաւէներու ժամանակահատուած էր՝ կը դիմանա՞նք ծանրագոյն ձմրան, թէ չենք դիմանար: Բառացիօրէն քանի մը օր մնաց գարնան ժամանումին: Այս առումով հետաքրքրական փորձառութիւն էր: Արցախ գալէս քանի մը օր առաջ արդէն ըսած էի, որ հաւանաբար դժուար ձմեռ մը կը սպասէ մեզի: Նշած էի հինգ ճգնաժամ. տնտեսական, սահմանադրական բարեփոխումներու, որ սկսած է Յունուար 2022_ին եւ մինչեւ հիմա չէ աւարտած, ծանր իրավիճակի մէջ պետութիւն կառավարելու, ընդհանուր շրջափակման կամ ծանր ձմրան եւ հիասթափութեան ու անտարբերութեան ճգնաժամ:

Այս հինգ ճգնաժամերուն մասին խօսիլը եւ անոնց դէմ պայքարիլը ես համարած եմ եւ կը համարեմ կարեւոր: Որոշ բաներ փոխել յաջողած ենք, որոշ բաներ՝ ոչ: Մենք ձմեռ մտանք ոչ այնքան պատրաստուած, որ անիկա այսքան դժուար կ’ըլլայ: Եւ ես իսկապէս գլխարկ կը հանեմ Արցախի բնակիչներուն դիմաց եւ յարգանքս կ’արտայայտեմ անոնց, որոնք յաղթահարեցին ամէն ինչ, որ տեղի ունեցաւ այս ձմեռ»: