Երկուշաբթի,6 Փետրուար 2023։ Առաւօտեան ժամը 4։17-ին։
Ցնցում մը…

Հետզհետէ ցնցումը զօրացաւ։ Ցնցումի ուժգնութիւնը արթնցուց բոլորը իրենց խոր քունէն։ Ելեկտրականութիւնը անջատուած է, մութ-զնտան։

Կարծես մէկը մեր բնակարաններուն ու շէնքերուն հիմերէն բռնած, զանոնք կը ցնցէ։ Անոր հետ միասին ուժեղ ու սաստիկ, հող փորփրելու նման քարերու ձայներ։ Այդ ձայներուն կը միանան տուներուն մէջ ապակիներուն եւ անօթներուն փշրուելուն ձայներն ու տնային իրերու ու սպասներու իյնալուն-կոտրտուելուն սարսափելի աղմուկը։
Զօրաւոր, աննախընթաց երկրաշարժ է…

Անկողիններէն շփոթած, ցատկելով, տան մէջ ամէն մարդ պատսպարուելու համար ապահով անկիւն մը կը փնտռէ։ Աստուած իմ ո՞ւր երթանք, ինչպէ՞ս պաշտպանուինք։ Մօտաւորապէս քառասուն երկվայրկեանները, քառասուն տարուան պէս անցան։ Ու վերջապէս ցնցումը մեղմացաւ, ապա դադրեցաւ։
Այսպիսի ուժգնութեամբ երկրաշարժի յետցնցումի վախն ու մտմտուքը, շատ-շատեր իրենք իրենց տուներէն դուրս բերին։

Այդ առաւօտ տեղատարափ անձրեւ, սաստիկ ցուրտ եւ փոթորիկ էր։
Երկրաշարժը դադրեցաւ։ Բայց մարդոց հոգիներու ներքին յետցնցումները չդադրեցան։ Անոնց մարմինները կը դողային։ Արդեօ՞ք վախէն, արդեօ՞ք պաղէն, թէ երկուքին միախառնումէն։

Վախնալու ժամանակ չկայ, պէտք է զանգել զաւակներուն, ծնողներուն, հարազատներուն եւ այլն…։ Սակայն վտանգը չի սպասեր։ Ամէն մէկը վրան բան մը քաշելով, աղօթքներ բարձրացնելով առ Աստուած արագ-արագ տունէն դուրս կը նետուի։ Շէնքի դռնէն հազիւ դուրս ելած, ամէն ոք իր միտքը հանգստացնելու կը սկսի իր զաւակներուն եւ հարազատներուն հեռաձայնելով։

Փողոցը մարդիկ առանձին չեն։ Դրացիներ եւ այլ շէնքերու ընտանիքներ, բոլորը տուներէն վար իջած են։ Ընդհանրապէս գիշերանոցով ու հողաթափով։ Ոմանք իրենց փոքրիկները գրկած կը վազեն։ Ուրիշներ իրենց տարեց հայրն ու մայրը կը փորձեն արագ քայլերով առաջ տանիլ։ Անոնք կեանքի աշնան հասած ծանրօրէն կը քալեն, բայց գոհունակ, որ դեռ ոտքի են։

Մէկ խօսքով խուճապը մեծ է։
Ինքնաշարժ ունեցողները անմիջապէս հոն կը պատսպարուին, իսկ այդ ինքնաշարժին մէջ դեռ տեղ մնալու պարագային, հարազատները կամ դրացիներն ու ծանօթներն ալ կը տեղաւորեն ու հրապարակներու եւ բացատներու մէջ կը կանգնեցնեն ինքնաշարժները, բարձրայարկ շէնքերէ հեռու։
Սակայն ինքնաշարժի մէջ ապաստանողները, որոնք սկիզբը ապահովութիւն զգացած էին, քիչ ետք պաղէն քարացած ու անշարժութենէն անհանգստացած էին։

Ուրիշներ եկեղեցիներու երդիքներուն տակ պատսպարուեցան, ոմանք ալ ակումբներու մէջ։ Վերջապէս երբ փորձանքը հաւաքական է եւ բոլորին համար անխտիր, իրարու մօտ ըլլալով, իրարմով կ’ուզէին զօրանալ։
նման ժամերու ի մի հաւաքուած մարդոց խօսակցութիւններն ալ այլաբնոյթ կ’ըլլան։ Բոլորը իրենց բջիջային հեռաձայնները առած, իրենց կարդացածն ու լսածը, իւրացուցածն ու չիւրացուցածը կը փորձեն միւսներուն հասցնել ու համոզել զիրենք։

Դիմատետրի էջերուն վրայ ինչե՜ր ըսես, որ կարդացուեցաւ այդ օր։ Հասկցողն ու չհասկցողը երկրաշարժի մարզի մասնագէտ ու փորձառու դարձաւ, հմտացած երկրաշարժի ու յետցնցումներու ոլորտին մէջ։
-Յետցնցումներու հաշիւ պէտք է ընել, քանի մը օր պէտք է տուներէն դուրս մնալ…։
– Պզտիկներու ականջներէն հեռու խօսեցէք այս նիւթերը։
– Պէտք է տուն վերադառնալ ու կարեւոր փաստաթուղթերը բերել։
– Պէտք է նորածիններու կաթ ապահովել։

Պէտքերու շարքը երկար էր, այդ բոլորը մարդոց մտքերը կը չարչրկէին ու մտահոգութեան վրայ մտահոգութիւն կ’աւելցնէին։

Յետցնցումները շունչ չէին տար։ Հազիւ քիչ մը շունչ քաշած ու հանդարտած, կրկին յետցնցում ու մարդիկ տակնուվրայ կ’ըլլային։ Փոքրիկներու պոռչտուքի ու լացի ձայները, երբեմն մեծերու ու տարեցներու բացագանչութիւնները կը շարունակուէին։ Մարդոց ջիղերը արդէն պատերազմի ծանրութեան տակ սպառած էին, իսկ հիմա աւելի ու աւելի կը ցնցուէին։

Երկրաշարժէն առաջ արդէն յոգնած էին մարդոց միտքերն ու հոգիները, երկար տարիներու պատերազմը դեռ իր աւարտին չէր հասած։ Սղաճը ու անոր կապուած կենցաղային դժուարութիւնները մէկ կողմէ, միւս կողմէ օտարութեան ճամբան բռնած հարազատներուն կարօտը… Հազիւ քանի մը լար ջիղ մնացած, երկրաշարժը վրայ եկաւ՝ այդ քանի մը լարն ալ ուժգին խփելու։

Եկուր տես, որ բոլորին բջիջային հեռաձայնները կը հնչէին։ Ինչպէ՞ս եղաւ երկրաշարժը, ո՞ւր էիք, հիմա ի՞նչ կ’ընէք եւ հարցումներու անվերջ տարափ մը։ Է՛, անոնց միտքերն ալ իրենց հարազատներով զբաղած են։ Օտարութեան մէջ անոնց ալ իրաւունքն է հարազատներուն ապահովութիւնը ստուգելն ու զիրենք մխիթարելը։
Տասնամեակէ մը աւելի պատերազմ ապրած ժողովուրդը շփոթած, իրար անցած էր։ Այս անգամ տարբեր փորձառութիւն մը կ’ապրէր ու կը կրկնէր…

– Աս երկրաշարժը պատերազմը մոռցնել տուաւ։

Յետցնցումները կրկին ու կրկին կը շարունակուին։ Ալ պէտք է խելքի եւ տրամաբանութեան ուժ տալ ու տուն վերադառնալ։ Քանի՞ օր կարելի է ինքնաշարժի կամ սրահներու մէջ քնանալ։ Աստուծոյ նախախնամութեան եւ փրկութեան վստահելով շատ-շատեր տուն վերադարձան, ուրիշներ իրենց հարազատներուն մօտ, որոնք աւելի ցած յարկերու վրայ կը բնակէին։ Բոլորը, սակայն, մտքի խաղաղութիւնն ու սրտի անդորրութիւնը կորսնցուցած էին։ Տան անդամները կը փորձէին իրարու մօտ ըլլալ։ Իսկ եթէ յանկարծ յետցնցումին անոնցմէ մէկը տունէն դուրս ըլլար, հեռաձայններու զանգերը կը վերսկսէին.
-Ո՞ւր էք, ի՞նչ կ’ընէք, առողջ է՞ք։

Այս պատմութիւնը դեռ աւարտին չէ հասած։ Տակաւին մարդիկ շատ երկար պիտի պատմեն իրենց զգացումներուն, իրենց տան վնասներուն, իրենց տունէն դուրս ապրած պայմաններուն, տուն վերադառնալուն եւ բոլոր յետցնցումներուն մասին, մինչեւ որ «Աս ալ անցնի»։
Այս օրերուն հետ մեր կեանքն ալ կ’անցնի ու ամէն ցնցում իր սպին կը թողու մարդուս մտքին ու հոգիին մէջ։