Այսօր ակամայ հայու մտքի ժապաւէնը ահաւոր փայլատակումով մը տեղափոխուեցաւ 35 տարիներ առաջ 1988-ի Դեկտեմբեր 7-ի աւերիչ երկրաշարժի թուական՝ Սպիտակի ու շրջակայ քաղաքներու սարսափազդու երկրաշարժի գօտին։

Ցաւագին տեսարաններ, որոնք թաքնուած էին մտքիս ու յիշողութեանս խորը, այսօր կը տողանցեն աչքերուս առջեւ։

Մահասարսուռ փլատակներէն ճողոպրած անտուն-անօթեւան քոյրեր ու եղբայրներ, հայու բեկորներ անգամ մը եւս վերակենդանացան այսօր մէջս, այո՛, կը ցնցեն ու կը խանգարեն մարդկային խիղճս ու ամբողջ էութիւնս։

Արդեօք այսօր աստուածային նախախնամութի՞ւն է կատարուածը եւ կամ ահազա՞նգ հզօր պետութիւններ կոչուածներուն…։

Հայու եւ մարդկայինի գիտակցութեամբ՝ մէկդի պիտի դնեմ դեռեւս չսպիացած թաքուն անցեալի կոտորածներու եւ սպանդի սարսափազդու տեսարանները, եւ աւելին՝ մօտիկ անցեալի Արցախ հայաշխարհի 44-օրեայ գոյամարտի անբուժելի վէրքերն ու պատկերները, եւ որպէս քրիստոնեայ ու ճշմարիտ հայ, խղճամիտ մարդ, մեծ հայր՝ անկասկած ցնցուած է էութիւնս ի տես այս օրուան զարհուրելի երկրաշարժի տասնեակ հազարաւոր զոհերուն, ստեղծուած սարսափազդու տեսարաններուն, աւերակուած քաղաքներուն ու շէնքերուն։

Տէրը իր անբաւ զօրութեամբ թող օգնէ պատմական Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ ահաւոր ու աղէտալի երկրաշարժի արհաւիրքէն մազապուրծ ազատած մարդ արարածին, վիրաւորներուն տայ կատարեալ ապաքինում եւ համբերութիւն, անվերադարձ կորուստներ ունեցող հայրերուն ու մայրերուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն տայ մխիթարութիւն։

Անկասկած, որ կը ցաւի հայուն կոտրած սիրտը այսօր։

1988 թուականի Հայաստանի սարսափազդու երկրաշարժին վէրքը, ցաւ ի սիրտ, դեռ կը կոտտայ մեր հոգիներուն մէջ ցայսօր, սակայն փա՜ռք հայու քրիստոնէական հաւատքին, Արամ Մանուկեաններու անկոտրում կամքին ու շինարար ոգիին՝ ան դարձեալ մոխիրներէն յարութիւն առաւ, կերտեց անկախ հայրենիք ու պետականութիւն, վերականգնեց հայու բնօրրան աւերակուած մեր հայրենիքը՝ Հայաստան աշխարհը հայոց։

Ինչպէս միշտ, այսօր դարձեալ անտարբեր պիտի չմնայ աշխարհով մէկ ցիր ու ցան դարձած հայութիւնը, ան դարձեալ կոչուած է վերականգնելու եւ վերանորոգելու իր ազգակիցներուն աւերակուած երբեմնի տաքուկ բոյները, կրկին իր օգնութեան ձեռքը երկարելու Հալէպի եւ պատմական Կիլիկիոյ մեր արիւնակից հարազատներուն, Մուսա Լերան քոյրերուն եւ եղբայրներուն գործնականապէս ըսելու, որ դուք մինակ չէ՛ք, ինչպէս որ անցեալին մինակ չէր լիբանանահայութիւնը, եւ այսօր մինակ չեն սուրիահայութիւնը, Հայաստանն ու շրջափակուած արցախահայութիւնը, քանզի մենք կանգուն ենք մեր լեռներուն պէս։

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ