Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը ցաւակցութիւն յայտնած է Սումկայիթի ջարդերու 35-ամեակին առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ը:

«Այս օրերուն մենք ցաւով կը յիշենք Սումկայիթի ողբերգութիւնը: Անցեալի այս իրադարձութիւններու յիշողութիւնը խթան է ապագային անոնց կրկնութեան հաւանականութիւնը բացառելուն ուղղուած ջանքերու համար», կը նշուի դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Սումկայիթի ջարդերը, խորհրդային Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով կազմակերպուած քաղաքի հայ ազգաբնակչութեան եղեռնն ու զանգուածային տեղահանութիւնն են, որոնք տեղի ունեցան 27-29 Փետրուար 1988-ին:

29 Փետրուարին խորհրդային զօրքերը մտցուած են Սումկայիթ, սակայն այդ օրը եւս շարունակուած են բռնարարքներն ու սպանութիւնները: Կարմիր բանակը զէնք օգտագործելու հրաման չէ ստացած եւ չէ օգնած հայերուն: Միայն երեկոյեան դիմած է վճռական գործողութիւններու եւ կանխարգիլած հետագայ ջարդերը: Հակառակ այն իրողութեան, որ միջազգային ընտանիքը տակաւին Սումկայիթի ոճրագործութիւնը չէ ճանչցած իբրեւ ցեղասպանութիւն, սակայն զայն դատապարտած են Եւրոպական խորհրդարանը (1988), Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը (1989) եւ Արժանթինի խորհրդարանը: