1 Մարտին Արցախի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարին միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են մարդկային բնոյթի հարցեր` Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի անյապաղ բացումի անհրաժեշտութիւնը։ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ տարբեր մակարդակով նման հանդիպումներ բազմիցս տեղի ունեցած են՝ ճարտարագիտական, մարդկային եւ ենթակառուցուածքային հարցերու քննարկումի նպատակով։

Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական կարգավիճակին վերաբերող հարցեր հանդիպումին մասնակիցները չեն քննարկած։ Հանդիպումին հետեւանքով ատրպէյճանական կողմին կատարած մեկնաբանութիւնները իրականութեան չեն համապատասխանիր։
Արցախի Հանրապետութիւնը կը պահպանէ յանձնառութիւնը իր ժողովուրդին՝ ինքնորոշման եւ անկախութեան ուղիի ընտրութեան, որ ամրագրուած է 1991_ի հանրաքուէի ընթացքին։

Անյետաձգելի հարցերու լուծման, յատկապէս, Արցախի ապաշրջափակումին նպատակով կազմակերպուող նմանատիպ քննարկումները չեն կրնար փոխարինել լիարժէք խաղաղ բանակցութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման համար։ Մեկնելով միջազգային միջնորդական ձեւաչափի վերականգնումի անհրաժեշտութենէն՝ որպէս խաղաղ գործընթացի անշրջելիութեան կարեւոր երաշխիք։ Կրկին կ’ընդգծենք, որ Արցախի Հանրապետութեան դիրքորոշումը առ այն, որ Ատրպէյճանի կողմէն ուժի եւ ուժի սպառնալիքի ապօրինի կիրառումի արդիւնքները չեն կրնար մեկնակէտ ըլլալ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ճանապարհին, կը մնայ անփոփոխ։