Կը կարդամ Սալար Ապտոյի ականատեսի նկարագրութիւնը Իրաքի պատերազմին եւ կը զգամ թէ ի՜նչ դժուարութեամբ իւրաքանչիւր բառը, կարծես արիւնելով զինք եւ արիւնելով ինքզինք, դուրս եկեր է գրիչէն եւ փռուեր տողին, էջին:
Դժուար է պատերազմի մասին գրելը, որովհետեւ որքան ալ գրելը ներշնչումի, մղումի արդիւնք է, նոյնքան սակայն միտքի արդիւնք է, մտածումին միջոցով գրուածը գրուելէն առաջ իսկ խմբագրելու արդիւնք է. միայն Փարիզի մէջ էր, որ համաշխարհային երկու պատերազմներուն միջեւ ինկած ժամանակահատուածին, գրողները կը կիրարկէին Automatic writing-ը (ընդհանրապէս թմրանիւթի մը ազդեցութեան տակ, ենթագիտակիցին յանձնուած գրել):
Տակաւին չէինք սորված պատերազմին հետ ապրելու տրամաբանութիւնը,- կա՞յ ատիկա արդեօք, երբեւէ եղա՞ծ է,- եւ ահա վրայ հասաւ երկրաշարժը եւ, ճիշդ պատերազմին պէս, կարծես տակաւին աւարտ չունի, կրկին ու կրկին կը ցնցուի հողը, մեզ ալ հիմերէն ցնցելով:
Ինչպէ՞ս գրես պատերազմին մասին, ինչպէ՞ս գրես երկրաշարժին մասին, երբ ամբողջ ջիղերդ կը զգան արհաւիրքը, բայց միտքդ կը մերժէ ընդունիլ: Կը տեսնես իւրաքանչիւր ինկող ու պայթող արկ, իւրաքանչիւր փուլ եկող կառոյց, եւ կը զգաս փլուզումները ներքին թէ արտաքին, բայց … չես ուզեր հաւատալ, որ մարդը կրնայ այսքան անմարդկային ըլլալ, բնութիւնը կրնայ այսքան անողորմ ըլլալ:
Մէկ ձեւ կայ կ’երեւի՝ նոյն փլուզուած վիճակով գրել, կամ փլուզուիլ եւ լռել:
Երկու պարայագային ալ սակայն ներքին փլուզումը կը դառնայ արձագանգը արտաքին փլուզման, կամ հակառակը, որ անտանելիօրէն նոյնքան ճիշդ է:
Այնտեղ էի, մէջտեղը ինկած եւ ինկող ռումբերուն, մէջտեղը սփռուած լրատուութիւններու ցանցերուն, մէջտեղը իմ շլմորանքիս, որովհետեւ որքան ալ հարցադրումներս ճիշդ ձեւակերպէի, կը մնար անհեթեթը, որ կը շրջանցէր բոլոր հարցադրումներս եւ անկիւնէ մը, անսպասելի վայրկեանի մը կը յայտնուէր, իր քրքիչին ծայրայեղ թոյնը քիթիս-բերնիս սփռելով:
Տարիներով, դարերով այս քաղաքին մէջ ապրեր էին կողք կողքի իսլամներն ու քրիստոնեաները, որոնց մէջ մեծամասնութիւն էին հայերը, յետոյ կու գային «քաթոլիկները»:
-Ի՞նչ էք:
-Քաթոլիկ:
-Դաւանանք չեմ հարցներ, ազգութեամբ ի՞նչ էք:
-Քաթոլի՛կ,- կը կրկնեն եւ այնպէս մը կը նային, որ ըսել ուզեն՝ «Այդքա՞ն յիմար ես որ չես հասկնար»: Ահա թէ ինչո՛ւ հայերը շատ աւելի մօտ կը զգային իսլամներուն, քան՝ քաթոլիկներուն, որոնցմէ շատերը դաւանափոխ հայեր, վաղուց մոռցած էին իրենց արմատները, ազգութիւնը, աւելի կարեւորը՝ ինքնութիւնը:
Թերեւս երկու տասնամեակ առաջ էր, որ իտալացի Անճէլա Զաֆֆարոնին Հալէպ եկեր էր իր ընկերաբանական թէզը պատրաստելու, որուն նիւթն էր՝ «Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն մը, իսլամ քաղաքի մը մէջ. Հայերը Հալէպի մէջ»:
Այն օրերուն օրինակ էինք, յաջողութեամբ պաշտպանուած թէզի մը գլխաւոր նիւթն էինք: Այսօր գաղթական ենք:
Ճիշդ է որ Անճէլան 1/8-ով հայ էր, այսինքն հայ եղած է իր մօրը հայրը, որ Ուրֆայէն գաղթեր է մինչեւ Ճամայիքա (այդ օրերուն այդ մարդը ուրկէ՞ գիտէր որ նման երկիր մը գոյութիւն ունի եւ ուրկէ՞ գտեր էր հոն երթալու ճամբաներն ու միջոցը): Ճիշդ էր նաեւ, որ Հալէպի մէջ հեռաւոր ազգականներ ունէր, որոնք զինք հիւրընկալեր էին: Բայց Անճէլան հայերէն չէր գիտեր եւ կարծեմ քիչ բան գիտէր հայերուն մասին:
Ասիկա առիթ կը դառնայ, որ մայրս, երբ կը լսէ Անճէլային Հալէպ գալուն եւ ընտանիքին պատմութիւնը,  կրկին յիշէ եւ բիւրերորդ անգամ պատմէ (թերեւս թաքուն ափսոսանքը ջրելու համար), թէ Ազնիւ մօրաքոյրին ամուսնին մէկ ազգականը, ուրֆացի երիտասարդ մը, որ ճամբան (հաւանաբար աղբիւրի ճամբուն վրայ) աղջիկ մը կը տեսնէ, շատ կը հաւնի, ծնողքին կ’ըսէ, աղջիկ ուզելու կ’երթան, աղջիկը կ’առնեն, պսակի օր կ’որոշեն: Պսակին օրը երիտասարդ փեսան կը դիտէ կարմիր ու թանձր քօղով ծածկուած հարսը ու կը մտածէ՝ «Բայց իմ տեսած աղջիկս աւելի երկար չէ՞ր» …
Արարողութիւններէն եւ խրախճանքէն ետք տուն կ’երթան, փեսան կը վերցնէ հարսին քօղը եւ ի՞նչ տեսնէ … Իր տեսած աղջկան փոխարէն անոր մեծ քոյրը հարս տուեր են իրեն:
Հանդարտօրէն ետ կ’իջեցնէ քօղը հարսին դէմքին, դուռը կը բանայ եւ կ’երթայ …
Այդ երթալն է:
Տասնամեակներ ետք Հնդկաստանի չեմ գիտեր ո՛ր քաղաքին փաստաբաններէն մէկէն նամակ մը կը հասնի՝ «Եկէ՛ք, տէր եղէ՛ք ձեր ժառանգին»:
Ուրֆացի փեսան Հնդկաստան հասեր, հոն ապրեր, աշխատեր եւ հսկայ հարստութեան մը տէր դարձեր է: Ըստ երեւոյթին չէ ամուսնացեր, որ այդ ժառանգը ամբողջ մնացեր է արդէն Հալէպ ապրող իր ազգականներուն:
-Ոչ մէկը ուզեց երթալ, մանաւանդ որ հարստութիւնը դուրս հանելու միջոց չկար. պէտք էր հոն ապրիլ եւ վայելել զայն … մարդ չգնաց եւ հարստութիւնը մնաց Հնդկաստանի պետութեան …,- կը վերջացնէ մայրս:
Անճէլան Հալէպի մէջ գտեր էր իր տոհմին 1/8-րդ հայ ազգականները, որոնք մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեր էին զինք, միաժամանակ գոհացում տալով իրենց անյագ հետաքրքրութեան:
-Հազիւ հեռաձայն մը ստանամ, ամբողջ ընտանիքը կը շարուի կողքիս, սպասելով թէ ի՞նչ պիտի ըսեմ … Հիմա արդէն շատ լաւ կը հասկնամ ուրֆացի մեծ-հայրիկիս փափաքը հայկական շրջապատէն հեռանալուն, եւ այդքա՛ն հեռանալուն:
Անճէլային մեծ հայրիկը Ճամայիքայի մէջ կը հանդիպի իր ամերիկացի կնոջ, որուն հետ Իտալիոյ մէկ փոքր քաղաքը կայք կը հաստատէ, ամուսնանալէ ետք:
Այս բոլորը կրնայի մոռնալ, եթէ Արցախի 44-օրեան տեղի ունեցած չըլլար: Բայց տեղի ունեցած է, իւրաքանչիւր հայու էութեան մէջ շատ խորունկ պարապ մը ձգելով: Այդ պարապը երբեմն բարկութեամբ կը լեցուի եւ կ’եռայ, հեքիաթներու կրակէ լիճին պէս, ուրիշ անգամներ յուսահատութիւնը կը լեցուի հոն որպէս թանձր մառախուղ … ամէնէն ծանրը սակայն անոր պարապութիւնն է, որ անասելի ծանրութեամբ կը ճնշէ: Կը զգանք որ պատը, որուն կռթնած էինք եւ ապահով կը զգայինք, փլած է եւ հիմա պարապին մէջ կը լողանք:
Թերեւս եթէ սկիզբէն իսկ Սփիւռքին տրուած ըլլար իր արժանի կարեւորութիւնն ու տեղը, այսօր այս պարապը չէր կլաներ մեզ:
Անճէլան իր թէզը պաշտպանեց, շատեր ծանօթացան հայերուն, Հալէպի՛ հայերուն,- որոնց պատմութիւնը, կ’ըսեն, կ’երկարի մինչեւ Տիգրան Մեծ աշխարհակալ արքան,- յետոյ գնաց ապրիլ իր կեանքը, ամուսինին եւ երկու զաւակներուն հետ:
Քանի՜ քանի անճէլաներ կան սփիւռքի տարածքին, որոնց գոյութիւնը, թիւը, ներոյժը պիտի զօրացնէին, հզօրացնէին մեզ, Սփիւռքը, ամուր կապերով առնչելով Հայաստանին, որպէս մէկ ովիանոսին երկու ափերը:
Այդպէս չեղաւ սակայն: Սփիւռքը մնաց վառող-մարող լոյսերով ծառը, իր մարող եւ նոր կազմուող գաղութներով:
Թիւ ունինք,- շատ աւելի, քան Հայաստանի մէջ,- հարստութիւն ունինք, կարողութիւններ ունինք հասնելու միջազգային քաղաքական հարթակներ, բայց …
Այդ «բայց»-ը կայ. գլուխս կը պայթի հասկնալու համար թէ ի վերջոյ ո՞ւր է մեր ուժին գաղտնիքը, որովհետեւ ուժը կա՛յ, ինչպէս ըսի, բայց անոր արդիւնքն է որ չկայ կարծես:
Ո՞ւր է մեր ուժը, հարց կու տամ:
Մարուշ Երամեան