«Փաստերը կը վկայեն, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած ներթափանցումի յարձակումը նախապէս ծրագրաւորուած եւ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հրահանգաւորուած սադրանք է», կը յայտարարէ պաշտօնական Երեւանը:

«Ատրպէյճանական ներթափանցող խումբի գործողութիւնները այլ կերպ, քան ահաբեկչութիւն, կարելի չէ որակել», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Ատրպէյճանի յառաջ քաշած պաշտօնական «վարկածը անհեթեթ է. անոնք չեն ներկայացուցած եւ չեն կրնար ներկայացնել այդ վարկածը ապացուցող ոչ մէկ փաստ ու հիմնաւորում», շեշտած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը` յիշեցնելով, որ ասիկա տեղի կ՛ունենայ Արդարադատութեան միջազգային դատարանէն կայացուցած որոշումից երկու շաբաթ չանցած, որով հերքուեցան Ատրպէյճանի պնդումները Հայաստանի կողմէ ականներու ենթադրեալ տեղադրումներուն վերաբերեալ:

Բացի ատկէ, պաշտօնական Երեւանը նշած է, որ Արցախի ոստիկանութեան ձեռքի տակ առկայ տեսանիւթը կ՛ապացուցէ, որ ատրպէյճանական ներթափանցող խումբը յարձակած է «ՈՒԱԶ» մակնիշի մինիպասի վրայ, որուն մէջ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի ներքին գործոց նախարարութեան չորս աշխատակիցներ, որոնք ծառայողական նպատակներով Ստեփանակերտէն կ՛ուղղուէին Արցախի Հին Շէն եւ Մեծ Շէն գիւղեր:

«Ընդ որում, տեսանիւթերը կը հիմնաւորեն, որ «ՈՒԱԶ»-ի մէջ բացի ծառայողական փաստաթուղթերէ եւ ոստիկանական զէնքէ այլ բան չէ եղած», աւելցուցած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ընդգծելով, որ վերջին շրջանին ատրպէյճանական կողմը նաեւ կրահերթեր բացած է Արցախի գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող բնակիչներու ուղղութեամբ:

«Սա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման երաշխիքներու ու անոնց մէջ միջազգային ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան, մեր շրջանին մէջ իրական խաղաղութեան հաստատումով հետաքրքրուած երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն` խստօրէն դատապարտելու ատրպէյճանական կողմի ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկման, ինչպէս նաեւ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սադրելու հերթական դրսեւորումը եւ գործուն քայլերու ձեռնարկելու Ատրպէյճանի կողմէ իր իսկ միջազգային պարտաւորութիւններու հետագայ խախտումները բացառելու ուղղութեամբ:

Ստեղծուած պայմաններուն մէջ Բերձորի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք խումբ գործուղելը կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն», յայտարարած է արտաքին գործերու նախարարութիւնը: