Երեքշաբթի, 7 Մարտ 2023-ի կէս գիշերը անց, ժամը 2:00-ին, Իսրայէլ հրթիռակոծեց Հալէպի միջազգային օդակայանը։
Իսրայէլեան հրթիռները թիրախ դարձուցին օդանաւերու վայրէջքի բաժինը։ Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։

Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։