Օրերս Հայաստան կը գտնուէր ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ, Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերու ԱՄՆ Պետական բաժինի աւագ խորհրդական Լուիս (Լու) Պոնօն, որ հայաստանեան լրատուամիջոցներէն մէկուն տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած էր, որ ԱՄՆ պատժամիջոցներու պիտի չենթարկէ Պաքուն՝ Արցախը 88 օրէն աւելի շրջափակելուն պատճառով:

«Միացեալ Նահանգներ չեն դիտարկած Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառումը Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի շարունակական շրջափակման համար:

Հիմա պատժամիջոցներու ժամանակը չէ: Ես այստեղ եմ, որպէսզի աշխատիմ երկու կողմերու հետ` զիրենք խաղաղութեան մօտեցնելու համար: Պատժամիջոցները պիտի ըլլային շատ անարդիւնաւէտ: Այս պահուն ատիկա պիտի չքննարկուի», յայտարարած է ամերիկացի դիւանագէտը:

Յիշեցնենք, որ Պայտընի վարչակազմը բազմիցս կոչ ուղղած է Ատրպէյճանին վերջ տալու շրջափակումին, որ մարդկային ճգնաժամի հասցուցած է Արցախը:

Պոնոյի յայտարարութեան արձագանգած է ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան` դիտել տալով, որ Պոնօ այսպիսով ցոյց կու տայ ԱՄՆ-ի թուլութիւնը.

«Լուիս Պոնօ իր առաջին հրապարակային ելոյթի քննարկումներէն զերծ պահելով Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու քննարկումին հարցը, ազդարարած է ԱՄՆ-ի թուլութիւնը, Իլհամ Ալիեւին հասկցնելով, որ Պայտընի վարչակազմը իր յայտարարութիւնները պիտի չիրականացնէ գործողութիւններով», ըսած է Համբարեան: