Զինուորական աղբիւր մը յայտնեց, որ երէկ կէսգիշերէն ետք ժամը 2։07-ին իսրայէլեան ուժերու կողմէ Հալէպի միջազգային օդակայանի հրթիռակոծումին հետեւանքով օդակայանը ծառայութենէ դուրս եկած է։

Հրթիռակոծումը տեղի ունեցած է միջերկրական ծովուն կողմէն, Լաթաքիոյ արեւմուտքէն։